Posted on February. 9. 2019
Խմբ. ծանօթ. Տարիներ առաջ հրատարակուած այս յօդուածը, որտեղ Երուսաղէմի Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանը
հանդէս էր եկել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բի կարգալոյծ լինելու և Հայոց եկեղեցին կործանումից փրկելու կոչով,
հետսհետէ իրաւացի կը դառնայ:
Այսօրուայ իրականութեան մէջ ապրելով՝ հասկանում ենք, որ օր օրի, ժամ առ ժամ աւելի տեսանելի ու լսելի է դառնում այս
պահանջի արդարացիութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը, քանի որ այն շարունակում է արդիական մնալ և հանդիսանալ լրջագոյն
սպառնալիք հայկական ինքնութեան հենասիւներից մէկին՝ Հայ առաքելական եկեղեցուն:
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏ-ՐԻԱՐՔ ԴԱՌՆԱՊԷՍ ԿԸ ՅԱՆԴԻ-ՄԱՆԷ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Վեհափառ Տէր, վստահ եղէք, թէ այս տողերը ակամայ թուղթին կը յանձնեմ, մանաւանդ երբ տակաւին քիչ առաջ լսեցի թէ
վերջերս պախարակած ըլլաք ձեր եպիսկոպոսները, որոնք իբր թէ կայքէջերուն մէջ յաճախակի երեւցող ձեր դէմ գրուած
բազմաթիւ յօդուած-ներուն երբեք չեն հակազդեր. ինչպէս կ’ըսեն՝ «Լռութիւնը համա-ձայնութեան նշան է» …
Եթէ թոյլ տաք եղբայրաբար պիտի ըսէի, թէ սպառնալիքը չի՜ պատշաճիր կրօնականին, նամանաւա՜նդ բարձըր-աստիճան՝
«Ամենայն հայոց հայրա-պետին», որմէ կ’ակնկալուի իբր իրա՜ւ ՀՕՐՄԷ ու ներողամիտ ՄԵԾԱՒՈՐէ սիրով ու ներողամիտ ոգիով
վերաբերիլ իր զաւակներուն եւ կամ ստորադասներուն հետ եւ նկատմամբ: Միթէ Ձեր «Շինարար կաթողիկոս» -ի համբաւը
իսկապէ՞ս կ’ուզէք կարգալոյծ հռչակուածներու շարքը երկարելով … ջնջել: Վեհափառ Տէր, եթէ կը յիշէք մի քանի տարիներ
առաջ երբ ամենայն հպարտութեամբ, –եւ այս արդարացիօրէն, – ինծի ցոյց կու տայիք Մայր աթոռի շրջափակէն ներս Ձեր
կառուցել տուած գեղեցիկ շէնքերը, ըսի Ձեզի, թէ նիւթական շէնքերուն չափ եւ աւելիով կարեւոր էր հոգեւոր շէնքը ամրացնել,
եւ Դուք վստահեցուցիք, թէ այդ եւս պիտի ըլլար: Սակայն ժամանակը եկաւ փաստելու, թէ արտաքինն ու նիւթականն էր էականն
ու Ձեզ հետաքրքրողը…
Վաճառականական եւ առեւտրական յատկութիւններ ունենալը անպայմանօրէն խելացիութեան յայտարարներ չեն: Դուք կրնաք
մարդ առնել ու ծախել, սակայն ԵՐԲԵ՛Ք ՉԷՔ ԿՐՆԱՐ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՊԱՀԵԼ ԵՒ ԻՒՐԱՑՆԵԼ:
Դուք, որ կոչուած էք ըլլալու գլուխը մեր Եկեղեցւոյ, միացած քաղաքական ապակրօն եւ հաւատազուրկ ղեկավարներու, կը
փորձէք ձեր աճուրդի դրուած խելքով եւ մանկունակ ու քմահաճ որոշումներով, արմատախիլ ընել Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ
դարաւոր կաղնին, որովհետեւ հակառակ ձեր տարիներու բոլոր արեւներուն, դուք տակաւին չէք հասունցած:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իր դարաւոր գոյութեան ընթացքին արտաքին հարուածներէն այնքան չէ սոսկացած,
որքան այն անմիտ եւ քանդիչ փորձերէն, զորս դո՛ւք, Վեհափառ, ծոցածին զաւակը այս նոյն Եկեղեցւոյ, կը պատրաստէք ի՛ր
մէջէն՝ ի՛ր դէմ: Հայ Եկեղեցին բաժնել իր նկարագրէն՝ պիտի նշանակէր կտրել պորտը իր անցեալէն, ուր կրօնի զգացումն ու
ազդեցութեան գաղափարը փոխա-դարձաբար իրար ամրապնդած եւ իրար հետ շաղահիւսուած են, յօրինելով մեր Հայու դիմագիծը
եւ ստեղծելով հրաշքը մեր դարերուն:
Անոնք որոնք ինքզինքնուն իրաւունք տուած են հանրային շահերուն եւ բարոյականին հսկելու, քաջ պէտք է գիտնան թէ կայծքարը
առանց հարուածի բոց չտար, ինչպէս նաեւ պալարները չեն դարմանուիր առանց նշդրակի հարուածին: Կը գրենք այս տողերը
հաւատալով, որ չարիքը տեսնել եւ անտարբեր մնալ՝ պիտի ըլլար չարիքին օժանդակել:
Այս օրերուս, մեր Եկե-ղեցին կը գտնուի այնպիսի վիճակներու եւ երեւոյթ-ներու դիմաց, որոնք լուրջ կասկածներու եւ տրտում
հեռապատկերներու կը տանին մեր միտքը, երբ վայրկեանի մը համար միայն աչքի առաջ ունե-նանք մեր երբեմնի ազգա-յին եւ
կրօնական այն բոլոր առաքինութիւնները, որոնց շնորհիւ մեր ժողո-վուրդը երբեմն բան մը արժած եւ տակաւին կրնայ արժել:
Քա՛ջ գիտ-ցէք, որ ժողովուրդի մը ոյժին եւ մեծութեան գաղտ-նիք նիւթն ու նիւթականը չեն, որովհետեւ ժողո-վուրդներ չեն
մեռներ իրենց ստացած ֆիզիքական վէր-քերէն, այլ աւելի, հոգե-կանէն: Մեզ ազգովին հարուածողը մեր դիմագը-րաւած
աղէտներէն աւելի մեր ազգին ղեկավարներու անտարբերութիւնն ու եսակեդրոնացումն է, եւ այս մէկը բնական մահ մը կրնայ
նկատուիլ ժողովուրդի մը համար: Ժամանակը եկած է, Վեհափառ, որ դուք պարտիք վերագտնել ձեր հոգեկան արժէքները, եթէ
երբեւիցէ ունեցած էք, ապա թէ ոչ դուք եւս ձեզ հռչակէք կարգազուրկ եւ մեր Մայր Եկեղեցին փրկէք ամբողջական կործանումէ:
Մեր Եկեղեցին, կրօնա-ազգային այս պատկառելի հաստատութիւնը, մեր ժողովուրդի մեծագոյն ստեղծագոր-ծութիւնն է, որ
պատմական ու քաղաքական անյարիր պայմաններու մէջէն անցնելով Ձեւ եւ Նկարագիր առնելով հասած է մեզի, եւ դուք իբր
«Հայր ամենեցուն» պարտիք անոխակալ, հաւասար եւ մանաւանդ բարեմտօրէն նայիլ բոլորին:
Վեհափառ, քաջ վստահ եղէք, որ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը մեզի համար կը մնայ ու միշտ պիտի մնայ աղբիւր ներշնչման եւ
յոյսի, սակայն դուք…
Նուրհան Արք. Մանուկեան Պատրիարք Հայ Երուսաղէմի
Նոյեմբեր 28, 2014