"

Ս. Աթոռին Բազմածը՝ Անպայմանօրէն Կաթողիկոս Մը Չէ…

Posted on February. 9. 2019

ԳՐԵՑ՝Մեթր Գ. Տէրտէրեան
Պէյրութ. 30 Յուլիս 2018

Ձեզի անծանօթ այդ անձը՝ եթէ նոյնիսկ վեղար մը ունի իր գլխուն, եւ ադամանդակուռ պսպղուն մեծ Է տառը
կայ ճակտին, ան՝ անպայմանօրէն Ս. Էջմիածինի Հայրապետութեան արժանի անձ մը չէ հաւանաբար:
Հետեւաբար, հարկ է որ պրպտէք տեղեկութիւններ՝ անոր մասին, անոր ինքնութեան, կենցաղին, վարք ու
բարքին եւ գործունէութեան ու մտային կարողութեան մասին, եւ մաս-նաւորաբար՝ թէ ինչ ճամբով հասած է
բազմելու Ս. Աթոռին…: Քանի որ մեր պատմութեան մէջ, Պոլսոյ պատ-րիարքներէն մին՝ կոչուած է
«Ճըհան-նէմ Մերտիվանը…»: Յակոբ Պա-րոնեան գրած է «Փիլոն հագած կապիկներու» մասին, եւ՛
«Գառնուկի մորթով գայլեր» հասած են բարձր պաշտօններու, իսկ Թոնտրակեան յեղափոխութիւնը ծայր
առած է որպէս ըմբսոտութիւն՝ մեր արծաթասէր կաթողիկոսներուն դէմ, որոնցմէ մին եղած է մեծ
աւատատէր, սեփականացնելով մօտ 500 հայկական գիւղեր…: Իսկ այսօր եւս կը խօսուի եւ կը գրուի մօտ
12 միլիոնատէր կաթողիկոսներու, արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու (եւ պատրիարքներու)
մասին… որոնք հոգեւորական մնալով եւ հոգեւորականի վարք ու բարքով՝ չէին կրնար միլիոնատէր
դառնալ: Եւ արդէն՝ ինքնաշարժերու արքան՝ Հենրի Ֆորտ, իր կենսագրութեան մէջ խոստովանած է, թէ՛ իր
առաջին մէկ միլիոն տոլարը գողցած է…:
գ գ գ
Հայաստանի մէջ ներկայիս մղուող ժողովրդային ըմբոստութիւնը Ս. Էջմիածնի գահակալի անձին դէմ՝
հիմնովին տարբեր է, 20-րդ դարի կէսերուն, ցուրտ պատերազմի թէժ օրերու այն միջազգային,
իմփերիալիստական անարդար պատերազմէն, որ կը մղուէր Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան
Մայր Աթոռին դէմ…: Երբ միասնական Հայց. Եկեղեցիին գահանայապետը՝ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա.
Հայրապետը կը վայելէր Համահայութեան (ի Սովետ Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխահի) խորին ակնածանքը եւ
վստահութիւնը, բացի՝ հայկական կուսակցութեան մը Բիւռոյէն… որ լծուած էր ամերիկեան իմփերիալիզմի
կառքին, որուն քաղաքական նախայարձակ ծրագիրն էր՝ գրաւել Անթիլիասի Կիլիկեան Աթոռը եւ զայն
հակադրել Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռին, երկփեղկելով միասնական Հայց. Եկեղեցին, եւ գրաւեալԱնթիլիասի
աթոռին կցելով՝ Ս. Էջմիածնի աշխարհասփիւռ թեմերն ալ… ամբողջ Սփիւռքահայութիւնը հակադրելու
յոյսով՝ ոչ միայն Ս. Էջմիածնին, այլեւ՝ Սովետ հայաստանի միակ Հայկական, իրական ու շօշափելի եւ
վերածնած Հայրենիքին, Սփիւռքահայութիւնը օրօրելով «հոգեկան», անիրական եւ անշօշափելի ապառնի
«հայրենիք»ի մը երազով, մինչեւ՝ Սովետ Հայաստանի ազատ ու ծաղկուն հայրենիքին «ազատագրումը
սովետական տաժան լուծէն», որ մաս կը կազմէր Սովետ Միութիւնը տարանջատելու ամերիկեան
իմփերիալիզմի ծրագրին…: Բայց, այս կուսակցութեան Բիւռօն՝ հաւանաբար, չէր հաւատար, որ
ամերիկեան իմփերիալիզմը պիտի կարողանար տարանջատել Սովետ Միութիւնը, եւ՛ «ազատագրուած»
Սովետ Հայաստանի իշխանութիւնը պիտի տար իր կուսակցութեան: Այլ կը գոհանար այն բանով, որինք
պիտի կարողանար՝ յաչս Սովետ Հայաստանի իշխանութեան, սակարկութեան իբր խաղաքարտ օգտագործել՝

անջատեալ եւ էջմիածնական թեմերու գրաւումով զօրացած Անթիլիասի Աթոռը, որպէս սփիւռքահայութիւնը
ներկայացնող կեդրոն, միակ իրական ու հզօր հայրենիքի իշխանութիւններէն կորզել՝ ճանաչում եւ գէթ
նուազագոյն դիրք մը հայրենիքի իշխանութեան վարչամեքենային մէջ…: Որովհետեւ՝ այս կուսակցութիւնը
իշխանատենչ, պատեհապաշտ, «պետական» կու-սակցութիւն ըլլալու յաւակնութիւնը ունեցող
ինքնանպատակ (Գարեգին Նժդեհի իսկ խոստովանութեամբ) կուսակցութիւն մըն է, որ մոլուցքը ունի
մենատիրութեան, որ երբ անկարելի է, կը պահանջէ՝ առնուազն… գէթ մասնակիցը դառ-նալ իրական ու
շօշափելի հայրենիքի պետական իշխա-նութեան, առժամաբար գէթ, յուսալով միշտ, որ հետագային կրնայ
տիրանալ պետական ամբողջ իշխանութեան…: Այս կուսակցութիւնը մինչեւ օրս կը պահէ իր այս մարմաջը,
որուն անհերքելի փաստն է՝ յաջորդաբար հետեւողական իր կոալիցիա կազմելը թէ՛ Ռ. Քոչարեանի եւ թէ՛
Ս. Սարգսեանի հետ, եւ յեղակարծ՛ մէկ օրէն միւսը դիմաշրջումով՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Սակայն, խիստ
կարեւոր տարբերութեամբ մը. Փաշինեանի մօտ ան չի կրնար շահարկել այսուհետեւ Սփիւռքի խաղա-
քարտը, քանի որ ամբողջ Սփիւռքահայութիւնը ողջունեց արդէն օլիգարխիկ համակարգին դէմ կատարուած
յեղափոխութիւնը:
գ գ գ
Վերադառնալով Ս. Էջմիածնի գահակալի անձին դէմ ներկայիս ընթացող ըմբոստութեան ժողովրդային
տարերային շարժումին, հարկ է պարզաբանել հետեւեալ այլաբնոյթ հարցերը.

  1. Այս շարժումը ժողովրդային տարերային արդարացի պոռթկում մըն է Ս. Էջմիածնի գահակալի անձին
    դէմ, եւ ոչ թէ՛ Ս. Աթոռին: Ընդհակառակը՝ Ս. Աթոռի հեղինակութեան անեղծ պահպանումը կը պահանջէ,
    զայն նսեմացնող գահակալին անկէ հեռացումով, անոր գահընկէցութեամբ: Եւ՛ բնա՛ւ կապ չունի օտար մութ
    ուժերու կարծեցեալ միջամտութեան մը հետ: Տողերուս հեղինակին արթուն բարեկամ՝ Դոկտ. Գէորգ
    Եազըճեանի ներկայութիւնը այս շարժումին մէջ, ի սպառ կը չքացնէ ամէն կասկած այդ ուղղութեամբ:
  2. Այս շարժումը՝ անսպասելի չէր, այլ՝ շա՜տ ուշացած…: Վերջին տասնամեակին ընթացքին,
    բազմապատկուած էին նոերկայ գահակալին ոչ միայն նսեմացուցիչ արարքները, այլեւ՝ մամուլին մէջ
    յաճախակի դարձած էին այդ արարքները քննադատող ու մերկացնող գրութիւնները, ըլլայ աշխարհական եւ
    ըլլայ հոգեւորական շրջանակներու կողմէ, որոնց ամէնէն ականաւոր ու հետեւողական դէմքը եղաւ՝
    Անթիլիասի նախկին վանականներէն Ոսկան Մխիթարեանը: Միւս կողմէ՝ երկրին իշխող օլիգարխիկ
    համակարգին ապազգային աւազա-կապետութեան դէմ ըմբոստացումը կ՛արտայայտուէր մամուլին մէջ եւ
    մարտի կոչեր կ»արձակուէին անոր դէմ: Իսկ ներկայ գահակալը հլու հնազանդ գործընկերը դարձած էր այդ
    համակարգին: Եւ երբ իրականացաւ Փաշինեանի յեղաշրջումը այդ համակարգին դէմ, շատ բնականօրէն
    ներկայ գահակալին դէմ ըմբոստացողները բարձրացուցին՝ «Նոր Հայաստան, նոր Հայրապետ» պաստառը:
  3. Արդարեւ, Ս. Աթոռի ներկայ գահակալը՝ բացի Ս. Աթոռը նսեմացնող իր անվայել վարք ու բարքէն,
    նոյնացած էր հին համակարգի իշխանաւորներուն հետ, եւ՛ Յակոբ Պարոնեանի բառերով, «կոյր ու մունջ
    վասակ»ի ձեռնպահ դիրքը բռնած էր, մեղսակցելով հին համակարգի օլիգարխներու գործած բոլոր
    ոճիրներուն, բռնարարքներուն ու թալաններուն. եւ որպէս մեր Ազգային Եկեղեցիի Հայրապետը, չէր
    միջամտած անոնց, կանխարգիլելու համար երկրի հայաթափումը, թալանումն ու ժողովուրդին վայրագ

կեղեքումը: Ուրեմն, հիմա՝ այդ ազգաքանդ համակարգին հեռացումին պէտք է ընկերանար Ս. Աթոռը
նսեմացնող գահակալին հեռացումը:

  1. Հիմա արդէն աւելորդ է մանրամասնութիւններ յիշել այն մասին, թէ՛ այս ժամանցուած աթոռակալը ինչ
    միջոցներով, ի սկզբանէ, յաջողեցաւ նստիլ Ս. Աթոռին, ինչ դեր խաղցաւ հրեայ սիոնականի կին՝ Լուիզ
    Սիմոն… ո՞վ՝ որո՞ւ վճարած է քանի՞ տասնեակ հազար տոլարի կաշառքը, կամ՝ ի՞նչ միջոցներով
    միլիոնատէր դարձաւ Ս. Աթոռը նսեմացնող այս ժամանակավրէպ գահազաւթը…: Ոսկան Մխիթարեան՝
    հրապարակաւ, մէկ առ մէկ տուաւ անունները 12 միլիոնատէր բարձրաստիճան հոգեւորականներու, որոնց
    գլուխը կը գտնուի այս դիմազերծուած աթոռակալը: Անուանացանկին մէջ կան ոչ միայն Ս. Էջմիածնի
    Աթոռի, այլեւ՝ Անթիլիասի Աթոռի երկու կաթողիկոսներ եւ այլ բարձրաստիճան եկեղեցականներ, ինչ որ կը
    փաստէ՝ որ բարենորոգումի եւ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան լուրջ կարիքը կայ նաեւ՝ Անթիլիասի Աթոռին
    համար: Բարենորոգում, որուն Հայց. Եկեղեցին կարիքը ունէր հազարամեակ մը առաջ, Թոնտրակեան
    յեղափոխութեան օրերէն… եւ որուն պահանջը կը դնէին հայ աւետարա-նականները՝ 19-րդ դարուն, եւ
    առաքելական բարձրաստիճան հոգե-ւորականներ՝ 20-րդ դարու սկիզբէն, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին
    տեսնելով որպէս… «Հոգիէ պարպուած դիակե: Թոնտրակեան արմատականութեան չհասնող
    բարենորոգումի փորձ. 16-րդ դարու յետ-վերածնութեան (post-Renaissance) Եւրոպայի մէջ՝ Մարթին
    Լուտերի եւ Կալվինի առաջնորդութեամբ, բարե-նորոգումի փորձ Կաթոլիկ Եկեղեցիին մէջ՝ 20-րդ դարու
    60-ականներէն, Վատիկան Ա. եւ Վատիկան Բ. խորհրդաժողովներով, եւ՛ Pecem in Terris (եւ յ’երկիր
    խաղաղութիւն) եւ Aggiornameto (այժմէականացում) կոնդակներով, հակակշռելու համար՝ այն
    յեղափոխութիւնը, որ հասած էր եւ անցած՝ Թոնտրակեանի արմատակա-նութիւնը, եւ որ գործին ու
    պայքարին արդիւնքն էր Լատին Ամերիկայի այն կաթոլիկ եկեղեցական աստուածաբաններուն, որոնք
    հրաժարելով Վատիկանի խաւար Միջնադարի դպրական (scholastic) աստուածաբանութենէն, որդեգրած
    էին՝ «Ազատագրութեան Աստուածաբանութիւն»ը (Thologie da la Libration), որուն հետեւորդներէն էր
    Արժանթինի մայրաքաղաք Պունէոս Այրէսի Առաջնորդ Արքեպիսկոպոսը՝ Խօրխէ Մարիօ Պերկոլիօն, որ
    այժմ կը կոչուի Վատիկանի Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը, որ կը շարունակէ ազատագրական
    աստուածաբանութեան բարենորոգումը Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ…: (Ազատագրութեան աստուածա-
    բանութիւնը դաւանող Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը չէր կրնար կողմնակիցը չըլլալ Արեւմտահայաստանի
    ազատագրութեան, եւ ան մեծահեղինակ պաշտպան մըն է Հայ Հողային Դատին…):
  2. Հիմա՝ ներկայ աթոռակալի անձին դէմ ըմբոստացող շարժումը կուրօրէն դատապարտողները եթէ
    ազատագրուած ըլլային իրենց բնազանցական (մեթաֆիզիք) մտածելակերպէն, եւ զատորոշել կարենային՝
    գահակալին անձը Ս. Աթոռէն, պիտի գիտակցէին թէ՛ Ս. Աթոռի պաշտպանութիւնը շատ աւելի վսեմ ու
    կարեւոր պարտականութիւնն է ամէն հայու համար, քան՝ անձի մը պաշտպանութիւնը, որուն վարք ու
    բարքին շուրջ կան՝ առնուազն, վերապահութիւններ եւ կասկածներ: Եւ եթէ այդ հաւկոյր պաշտպանները
    լրջօրէն կը սիրէին Ս. Աթոռը… արդէն մինչեւ հիմա լրջօրէն հետաքրքրուած պիտի ըլլային Ս. Աթոռի
    իրավիճակով, եւ գիտակցած պիտի ըլլային անոր բարենորոգումին անհրաժեշտութեանը, եւ՛
    ըմբոստացողներուն պիտի թելադրէին չգոհանալ լոկ գահակալին հեռացումով… այլ պահանջել՝ Ս. Աթոռին
    արմատական բարենորոգումը, քայլ պահելով միւս եկեղեցիներու բարենորոգումի գործընթացին հետ, եւ
    առաջին հերթին՝ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի քայլերուն հետ…:
  3. Այս տողերուն հեղինակը՝ ականատես եւ ականջալուր վկան եղած է, 2002 թուին, Ս. Էջմիածնի մէջ՝
    Եկեղեցի-Պետութիւն յարաբերութիւններ նիւթին շուրջ կայացած իրաւաբաններու միջազգային գիտաժողովի
    ընթացքին, ներկայ գահակալին անվայել ընթացքին եւ արտառոց ելոյթին…: Գիտաժողովին կը մասնակցէին
    ոչ միայն Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն աշխարհական իրաւաբաններ, այլեւ՝ Լուտերական, Անկլիքան եւ
    Կաթոլիկ եկեղեցիներուն գործուղած հոգեւորական իրաւագէտները, որոնք խորին ակնածանքով կը
    մօտենային Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռին, որպէս՝ Քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ճանչցող պատմութեան
    առաջին ժողովուրդին Վատիկանը…: Սակայն, Քոփէնհակէնէն լուտերական Վերապատուելի Մայքըլ
    Ուեսթը, Փարիզէն կաթոլիկ Հայր Լիւք Փերրէնը եւ Լոնտոնէն անկլիքան Արքեպիսկոպոս Ուիլիըմ Կորտընը
    նոյն ակնածանքը չկրցան ունենալ Մայր Աթոռի գահակալին հանդէպ, գիտաժողովի աւարտին, երբ տեղի
    ունեցաւ հրաժեշտի հանդիպում մը մասնակիցներուն եւ գահակալին միջեւ Ս. Աթոռի Վեհարանին մէջ, ուր
    որոշեալ ժամուն ներկայ էինք բոլորս, անհամբերացած՝ լսելու Հայց. Եկեղեցւոյ Վեհափառ Հայրապետին
    ողջերթի խօսքը: Բայց գահակալը չէր գար: Գիտաժողովի վարիչը՝ այժմ վախճանեալ Շահէ Արք. Աճէմեան,
    շարունակ կ»երթեւեկէր՝ ներկաներուն եւ ՎԵհարանի խորքի մեծ դրան միջեւ, եւ գահակալը կ՛ուշանար:
    Մօտ 25 վայրկեան ետք, խորքի դուռը բացուեցաւ եւ գահակալը դուրս եկաւ եւ հանդիսաւոր ու յամրաքայլ
    յառաջացաւ դէպի ներկաները, Շահէ Արք.ի առաջնորդութեամբ, որ իր հակիրճ բացման խօսքին մէջ
    յայտնեց նաեւ, թէ՝ ինք գահակալին խօսքը՝ հիւրերուն համար, պիտի թարգմանէր անգլերէնի եւ հրաւիրեց
    գահակալը: Ասիկա իր տարտամ, կցկտուր եւ շտապողական ուղերձին մէջ գործածեց անվայել եւ արտառոց
    բառապաշար, զորս, բարե-բախտաբար, Շահէ Արք. կը յղկէր, կը տաշէր, առաւել իմաստալից ու
    հայրապետավայել կը դարձնէր՝ թարգ-մանութեան ընթացքին: Օրինակի համար՝ վերջին բառերը. «Ես կարճ
    եմ կապում իմ խօսքը, որպէսզի դուք շտապ գնաք ձեր հեշտանքին…»: Շահէ Արք. այս բառերը անգլերէնի
    մէջ վերածեց մօտաւորապէս հետեւեալին. «Ես չեմ ուզեր ձեզ երկար գրաւուած պահել, որպէսզի դուք
    շուտով կարենաք վերադառնալ ձեր առաքելութեան»: Ներկաները ջերմօրէն ծափահարեցին: Բայց
    ծափահարութեան պատշաճութեան փոքր մասը կ՛երթար Շահէ Արք.ի սրբագրած ու շպարած խօսքին, իսկ
    ակնածանքի մեծ բաժինը կ՛երթար Հայց. Եկեղեցւոյ Հայրապետութեան խորհրդանիշ՝ Ս. Էջմիածինին…:
  4. Օրինակելի տիպար բարենորոգիչ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը յարատեւօրէն իր եկեղեցիին
    հոգեւորականներուն կը յիշեցնէ իերնց հովուական պարտա-կանութիւնները, որոնք կրնան եւ նոյնութեամբ
    պահանջուիլ նաեւ Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերէն: Այդ պարտականութիւններէն փոքր փունջ մը
    հաւաքեցինք “OSSERVATORE ROMANO” պաշտօնաթերթի 2018 թուի թիւ 8 համարի շաբաթական
    անգլերէն եւ ֆրանսերէն յաւելուածներէն, զանոնք յայտնելու համար՝ ոչ միայն հայ հոգեւորականներու,
    այլեւ՝ հայ աշխարհական հաւատացեալներու լուրջ ուշադրութեան, որպէսզի կարենան դատել եւ
    հասկացողութեամբ մօտենալ ներկայ աթոռակալին դէմ ըմբոստացող ճշմարիտ, բծախնդիր ու մարտնչող
    էջմիածնասէրներուն, որոնք այնքա՜ն ջերմօրէն կը սիրեն Ս. Էջմիածինը եւ այնքա՜ն խստապահանջօրէն
    նախանձախնդիր են Ս. Էջմիածնի վարկին ու հեղինակութեան բարձր պահպանումին, որ զիրենք
    քննադատողներուն պէս չեն գոհանար շրթնային քննադատութիւններով, այլ՝ իրենց գործն ու հանգիստը
    թողած կը մարտնչին զանգուածներ զօրաշարժելով…:
    Հոգեւորականին պարտականութիւններէն են նաեւ հետեւեալները.

Ա) Ճշմարիտ հոգեւորականէն՝ ժողովուրդին հանդէպ լրացնել կը պահանջուին նոյն այն
պարտականութիւնները, որոնք կը պահանջուին ճշմարիտ հասարակական գործիչէն:
Բ) Հոգեւորականը պարտի կանգնիլ կեղեքուող, բռնադատուող ու տառապեալ ժողովուդրի կողքին, անոր
արդար պահանջները պաշտպանելով, եւ՛
անոր գործնապէս օգնութեան հասնելով:
Գ) Հոգեւորականը իր առաքինի վարք ու բարքի անձնական օրինակով կը պահպանէ եկեղեցւոյ սրբութիւնն
ու Աստուծոյ փառքը, կամ՝ ճիշդ հակառակը. կը նսեմացնէ զանոնք, եթէ վարէ հոգեւորականին անվայել եւ
անյարիր արծաթասէրի, փառասէրի, հեշտասէրի ու շուայտասէրի կեանք մը:
Դ) Հոգեւորականը պարտի ըլլալ՝ խոնարհասիրտ, հեզահամբոյր, երախտագէտ, զինք երէկ առաջնորդած
երէց եղբօր հանդէպ, եւ յարգել անոր արդարացուցած հեղինակութիւնը եւ չուրանալ անոր վաստակը:
Ֆրանչիսկոս Ա., երբ վերջերս այցելած է Չիլի եւ Փերու, հանդիպած է իր անցեալի երկու ուսուցիչներուն՝
Խօսէ եւ Գարլոս Ալտոնաթէներուն (Josռ, Carlos Aldunate, յաջորդաբար՝ 100 եւ 101 տարեկան), եւ
զիրենք ողջունած է հաւատացեալներու բազմութեան մը առջեւ եւ խոստովանած. «Անոնք եղած են իմ երկու
հոգեւոր առաջնորդներս, եւ եղած են միշտ ողջախոհութեան թագաւորներ: Ես յատուկ շնորհակալութիւն կը
յայտնեմ երէց եղբօրս՝ Հայր Գարլոսին, որ 1960 թուին, 58 տարիներ առաջ, ինծի տուած էր եղբայրական
յորդոր մը: Այդ ժամանակ ես վարիչն էի կրտսեր աբեղաներու դպրոցին (Juniorat) եւ անոնցմէ մէկը շատ
զայրացուցած էր զիս իր վարքով, եւ ես արտօնութիւն խնդրեցի Հայր Գարլոսէն՝ վտարելու այդ աբեղան:
Հայր Գարլոս նախ խնդրեց որ հանդարտիմ եւ չշտապեմ, այլ՝ այդ աբեղային հետ վերաբերմունքս առաւել
եղբայրական դարձնեմ: Ես կատարեցի Հայր Գարլոսի յորդորը, եւ հետագային, արդիւնքը եղաւ դրականե: Ս.
Աթոռի ներկայ գահակալը ոչ թէ կրտսեր աբեղաներ, այլ՝ բարձրաստիճան վարդապետներ կարգալոյծ կ՛ընէ
մեծ թիւով, եւ՛ մեծ շտապողականութեամբ, եւ՛ ոչ-եղբայրական վերաբերմունքով…: Ան ձեռնպահ մնաց եւ
հայրապետական դիրքն ու հեղինակութիւնը չարժեցուց, երբ տեղի ունեցան Հոկտեմբեր 27-ի պետասպան եւ
Մարտ 1-ի ժողովրդասպան նախճիրները…, երբ երկրի վերգետնեայ եւ ստորգետնեայ հարստութիւնները
մոնկոլ-թաթարական թափով կը թալանուէին հայանուն օլիգարխներու կողմէ, եւ երբ հարիւր հազարներով
երկրի քաղաքացիները գաղթականի ցուպը ձեռին կը հայաթափէին մեր մինուճար հայրենիքը…: Անոր այս
բոլոր կամաւոր պաշտօնազանցութիւնները արժանի չե՞ն գէթ մէկ ակամայ պաշտօնանկութեան…:
Ե) Ֆրանչիսկոս Ա. նաեւ՝ հոգեւորական իշխանութիւն ունեցողներուն պարտականութիւնը կը նկատէ՝
սորվիլ եւ գիտնալ, իշխանութեան հրաժեշտ տալու ժամը՝ տարիքի, առողջութեան, եւ՛ անվայել վարքի եւ
բարքի հետեւանքով… (Learn to take your leave):
Զ) Պապը նաեւ կ՛ըսէ. «Եկեղեցին՝ որպէսզի չծերանայ, պէտք չէ վախնայ նախա-ձեռնելու՝ վտանգաւոր
կարծուած բարենորոգումներու եւ փոփոխութիւններու…» (Pour ne pas se vieillir, l’Eglise ne doit
pas avoir peur de prendre des risques”): Յարատեւ հոսող ջուրը ոչ կը ճահճանայ եւ ոչ ալ
կ»ապականի…: Հերթական ինքնանորոգումի ուղիին հետեւող Ս. Էջմիածնի Ս. Աթոռը չի ծերանար, այլ՝
կ՛ինքնամաքրուի: Այսօր՝ Նոր Արեւելահայաստանը, կամ՝ Դ. Հանրապետութիւնը, կարիքը ունի նոր Ս.
Էջմիածինի…:

  1. Ներկայ աթոռակալը բարեմտօրէն եւ ազնիւ բայց կուրացած հոգիով պաշտպանողները, կա՛մ անտեղեակ
    են անոր վարք ու բարքին, եւ կամ ալ՝ զոհերն են բնազանցական մտածելակերպին: Ճիշդ նմանը անոնց,
    որոնք 2002 թուին, Ս. Էջմիածնի Վեհարանին մէջ, ջերմօրէն ծափահարեցին ներկայ աթոռակալի ելոյթի
    վերջաւորութեան, ոչ թէ անոր անվայել եւ արտառոց խօսքերուն համար, այլ՝ ակնածելով անոր գրաւած Ս.
    Աթոռին, որ դարձած է սրբութեան խորհրդանիշ մը եւ պատմական ֆեթիշ մը, ոչ միայն հայ
    հաւատացեալներուն մօտ, այլեւ՝ օտարազգի հիւրերու եւ հաւատացեալներու մօտ, որոնք սակայն, ծանօթ
    չեն գահակալի անձին եւ անոր վարք ու բարքին, եւ անոնք հարցուցած ալ չեն անձին մասին, որովհետեւ՝
    իրենց բնազանցական մտածելակերպով, անձը չեն զանազանած Ս. Աթոռէն, եւ՛ ipsa facto տուեալ
    ընդունած են թէ՛ ան արժանի էր այդ Աթոռին, որ ընտրուած էր: Գահակալը, որ արժանի չէր Ս. Աթոռին,
    կամ երբ անարժան դարձաւ իր վարք ու բարքին բերումով, կը նսեմացնէ Ս. Աթոռը, հետեւաբար՝ գիտակից,
    տրամախոհ (ոչ բնազանցական) ու ճշմարիտԷջմիածնասէրը՝ պէտք է պահանջէ Ս. Էջմիածինը նսեմացնող
    գահակալին գահընկէցումը, հեռացումը՝ Ս. Էջմիածնէն, եւ ոչ թէ՝ զայդ պահանջող ըմբոստները
    դատապարտէ եւ զրպարտէ:
    Ճշմարիտ Էջմիածնասէրը՝ իր տրամախոհական (դիալեկտիկական) մտածելակերպով, նախ՝ կը զանազանէ
    գահակալին անձը Ս. Աթոռէն: Ապա՝ կ՛ուզէ մանրակրկիտ գիտնալ, թէ գահակալը ինչպէ՞ս հասաւ Ս.
    Աթոռին, ի՞նչպիսի յարաբերութիւններ կը վարէ իր հոգեւորական եղբայրներուն հետ, կ՛արժեցնէ՝ իր
    հայրապետի դիրքը՝ պաշտպանելու համար իր ժողովուրդին իրաւունքները, պետական իշխանութեանց
    օրինազանցութիւններէն, եւ կը ջանա՞յ բարեկարգել ու բարենորոգել Ս. Էջմիածինը:
    Մինչդեռ անգիտակից «Էջմիածնասէր»ը՝ իր բնազանցական մտածելակերպին բերումով, զանազանութիւն չի
    դներ գահակալի անձին եւ Ս. Աթոռին միջեւ, եւ այս Աթոռին հանդէպ իր ունեցած անկեղծ սէրն ու
    ակնածանքը կուրաբար կը շնորհէ նաեւ գահակալի անձին. կը պաշպանէ զայն որ մնայ Ս. Աթոռին վրայ եւ
    շարունակէ նսեմացնել զայն…: Այսինքն՝ անգիտակցաբար եւ ակամայ մեղսակիցը կ՛ըլլայ այսպիսի
    գահակալի մը, որ բարոյապէս կը սպաննէ Ս. Աթոռին սրբութիւնը: Այս անկեղծ բայց կուրացած
    «Էջմիածնասէր»ը կը նմանի հոգեմտաւորապէս հիւանդ այն սիրականին, որ իր սաստիկ սիրոյն պատճառով
    կը սպաննէ իր սիրուհին: Այս նիւթին շուրջ կան վէպեր եւ սինեմայի ժապաւէններ:
    Հանճարեղ Չափլին իր “A King In New York” ֆիլմին մէջ դրած է ֆիլմի ամերիկեան ոճի ծանուցում մը,
    որ հետեւեալն է.
    Սիրահարեալ cowboy-ը՝ ատրճանակը ձեռքին, կ՛ըսէ իր սիրուհիին. “Honey! I’m gona kill ya for
    your own sake!”, եւ կ՛արձակէ փամփուշտը, որ կը վրիպի, քանի որ սիրուհին շարժած էր: Ծանուցողին
    ձայնը կ»ըսէ. “He missed it! Don’t miss the film!”: Հաւկուրացած «Էջմիածնասէր»ներու
    փամփուշտը՝ անարժանը պաշտպանող, որ կ’երկարաձգէ Ս. Աթոռին նսեմացումը, պէտք է վրիպեցնել՝
    փրկելու համար Ս. Աթոռը, գահընկէց ընելով անարժան աթոռակալը:
    Հարկաւ, իբր իրաւաբան, պարտիմ յիշեցնել, թէ այս բարեմիտ, անտեղեակ, հաւկուրացած, ուրեմն
    անգիտակից,Էջմիածնասէրներեուն մեղսակցութիւնը անարժան աթոռակալին հետ, զիրենք քրէական
    պատասխանատւութեան ենթակայ չի դարձներ, քանի որ իրենց պաշտպանութիւնը անարժանին՝ անգիտակից
    է… դիտաւորեալ չէ, սուտ վկայութիւն չէ:

Սակայն, նոյն ատեն, քրէական պատասխանատւութիւն կը կրեն այն բոլոր բարձրաստիճան
եկեղեցականները, որոնք քաջածանօթ են այս աթոռակալի բարք ու վարքին, որոնցմէ տարբեր չեն իրենց
վարքն ու բարքը, կա՛մ նիւթապէս եւ դիրքի տեսակէտով օգտուած են անկէ, եւ կամ ալ՝ մորթապաշտ են եւ
կը վախնան կարգալոյծ ըլլալէ, եւ այս պատճառներով եւ շարժառիթներով պաշտպանեցին ու կը
շարունակեն պաշտպանել զինք:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *