Categories: NEWSUSA

ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԵՒ ԿԵՂԾԻՔ

ԳՐԵՑ՝ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուին այս ձաբռտուքները եւ ժողովուրդը խաբելու եւ մոլորեցնելու սադրանքները: «Լոյս»
տեղեկատուական, վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Հայկ Այվազեան կը յայտարարէ, որ եթէ օրէնքի նախագիծը –
Կաթողիկոսը պաշտպանութեան կարիք ունի- խորհրդարանին կողմէ չվաւերացուեցաւ, պատճառը դուրսի պար-
տադրանքն է:
Հարցը ներկայացնենք իր բառերով. «Իշխանութիւններն ինչպէս երէկ, այնպէս էլ այսօր գտնւում են մեծ ճնշումների
տակ, եւ այդ իսկ պատճառով յաճախ չեն կարողանում ընդունել այն, ինչ ուզում են, կամ չեն կարողանում ազատօրէն
արտայայտել իրենց կարծիքը եւ որոշակի քայլեր ձեռնարկել: Եթէ այդ պարտադրանքը չլինէր, ես գրեթէ վստահ եմ, որ
նախկին իշխանութիւնների օրօք էլ շատ օրէնքներ կ՚ընդունուէին, նաեւ այս իշխանութեան օրօք տուեալ օրէնքը
կ՚ընդունուէր: Նաեւ, իշխանութեան շրջանակներում կան Արեւմուտքի շահերը սպասարկող խմբեր, բայց կան նաեւ
ազգային արժէքների պաշտպան անձինք եւս: Մեր խնդիրն է, որպէսզի այն մարդիկ, ովքեր կողմ են ազգային արժէքների
պաշտպանութեանը եւ աւանդական ընտանիքի պահպանութեանը, իշխանութեան մէջ աւելի ծանրակշիռ դեր ունենան,
քան նրանք, ովքեր Արևմուտքի շահերի սպասարկուն են:» [Հայ Ձայն, 17 Նոյեմբեր, 2018]
Այվազեանի հասկացողութեամբ, որպէս թէ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցող արդար ժողովրդային ցոյցերը՝ «Նոր
Հայաստան, Նոր Հայրապետ» նախաձեռնութիւն անուան տակ, կը վտանգեն կաթողիկոսին անձը: Այսքան խոշոր սուտ
միայն անհաւասարակշիռ մէկը կրնայ հրապարակ նետել: Ե՞րբ կաթողիկոսին կեանքը վտանգի տակ եղած է, եւ ինչո՞ւ
կաթողիկոսը պիտի վախնայ իր ժողովուրդէն: Այվազեան իր թէզը պաշտպանելու համար ձաբռտուքներ կ՚ընէ նաեւ
յայտարարելով, թէ «Գարեգին Բ. ա՚յն անձն է որ կասեցուց Արեւմուտքի կողմէ մեզի պարտադրուած կարգ մը օրէնքներ,
որոնք ուղղուած են աւանդական ընտանիքի դէմ եւ կը նպաստեն այլասերումի օրինականացման»: Այսքան բացորոշ
այլանդակութիւն մարսելի չէ…: Անպայման կը պահանջենք որ Հայկ Այվազեանը յստակօրէն՝ յականէ յանուանէ
յայտնէ թէ ովքե՞ր կամ ո՞ր «խմբեր»ը, մարմինները, կազմակերպութիւններն են որոնք ըլլա՛յ նախկին, ըլլա՛յ ներկայ
իշխանութեանց «շրջանակներում» կը սպասարկեն Արեւմուտքի շահերուն: Նաեւ՝ Արեւմուտքի ո՞ր պետութիւնը նկատի
ունի: Եթէ Այվազեան կ՚ուզէ շփոթեցնել միտքերը՝ պէտք է յիշեցնել իրեն, թէ «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ»
շարժումը գոյութիւն չունէր նախկին իշխանութեանց օրով. անիկա սկիզբ առաւ «թաւշեայ յեղափոխութենէն»
անմիջապէս ետք: Ուստի Այվազեանին կը մնայ յստակօրէն յայտնել զո՞վ կամ ովքե՞ր ի մտի ունի որոնք Արեւմուտքի
շահերուն սպասարկելով՝ տապալեցին Գարեգին Բ.ի կեանքը պաշտպանելու միտող օրէնսդրական նախագիծը, որպէսզի,
ենթադրաբար, կաթողիկոսին կեանքը շարունակէ վտանգի տակ մնալ…:
Ասկէ առաջ բազմիցս յայտարարած ենք, թէ սրբութիւն սրբոց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ Հայց. Առաքելական
Եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը անձեռնմխելի իրականութիւններ են եւ երբեք չեն կրնար իյնալ ստուերի տակ:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին այն կրանիթեայ խարիսխն է, որուն վրայ մեր հայրերու արեան գնով խարսխուած
են մեր գոյութեան բոլոր երաշխիքները: Մենք երբեք խնդրոյ առարկայ պիտի չդարձնենք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ
անջնջելի եւ անկորնչելի դերը դարերու ընթացքին, հայ ժողովուրդի կամքն ու նկարագիրը կերտելու իր առաքելութեան
մէջ:
Պէտք է յստակ ըլլայ Հայկ Այվազեանին՝ թէ մեր ժողովուրդին ցասումն ու զզուանքը ո՛չ թէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի
հանդէպ են, այլ ուղղուած են դէպի այդ Աթոռը յափշտակած Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, որ օրուան պետական
վարչակարգին օգնութեամբ, եւ ի հեճուկս կանոնական բազմազան խախտումներու, բազմեցաւ Ամենայն Հայոց

Հայրապետութեան գահին: Դժբախտաբար առաջին օրէն իսկ տեսանք թէ ինչպէ՞ս Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝
ղեկավարող եւ յափշտակող վարչակարգին լաւագոյն գործընկերը դարձաւ:
Նկատի ունենալով օրինական եւ կանոնական խախտումները Գարեգին Բ.ի օրով, եւ ելլելով Հայց. Առաքելական
Եկեղեցւոյ ընհանուր շահերէն, ժողովուրդը անհրաժեշտ կը նկատէ պահանջել հեռացումը Գարեգին Բ. կաթողիկոսին,
որ տարիներու ընթացքին եղաւ մաս եւ բաժին այդ անկուշտ համակարգին, որու ետին կանգնած ընչաքաղց պետական
այրերն ու պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ անոնց բոլորտիքը դարձող սակաւապետերը («օլիգարխ»), երկիրը
թալանեցին եւ տակաւին կը շարունակեն թալանել մինչեւ օրս, հակառակ այսպէս կոչուած «Թաւշեայ
յեղափոխութեան»:
Գարեգին Ա.ի գահակալութեան տարիներուն շատցան աղանդաւորները, որովհետեւ գահակալը աւելի ուշադրութիւն
դարձուց իր առեւտրական հաշիւներուն քան թէ իր հոգեւոր առաքելութեան: Շատ դիւրին է ժողովուրդը մեղադրել եւ
ըսել, թէ մարդիկ աղանդաւորական շարժումներու կը հետեւին զանազան ընկերային եւ տնտեսական պատճառներով:
Արդեօք պահ մը մտածեցի՞ք եւ ծրագրեցի՞ք միջոցներ՝ այդ բոլորին առաջքը առնելու համար: Արդեօք ջերմեռանդօրէն
նուիրուեցա՞ք հոգեւոր առաքելութեան եւ մխիթարեցի՞ք Աւետարանի քարոզութեան ծարաւ հոգիները: Մոռցա՞ք արդեօք,
թէ ինչպէ՞ս նախագահ Ռ. Քոչարեանի օրով Մորմոնները մուտք գործեցին Հայաստան: Մայր Աթոռի գահակալը
երբեւիցէ քաջութիւնը ունեցա՞ւ հրապարակաւ դէմ արտայայտուելու այդ թոյլտուութեան, թէ՞ ինքն ալ մաս եւ բաժին
ունէր այդ առատաբաշխ միլիոնաւոր գումարներէն:
Մեր ընթերցողները կը յիշեն անշուշտ, թէ Յունուար 2016-ին Հայաստանի մէջ ժողովրդական մեծ վրդովմունք
յառաջացուց համայն Ռուսաստանի Պատրիարք Կիրիլի ա՛յն յայտարարութիւնը, թէ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ
քրիստոնեաներու հանդէպ ո՛չ մէկ հալածանք կատարուած է: Այնուհետեւ որքան ալ պարզաբանումներ կատարուեցան
Ռուս Եկեղեցւոյ բանբերին կողմէ, չկարողացանք համոզուիլ ու ապա չհասկցանք թէ ի՞նչ էր շարժառիթը այս նորելուկ
յայտարարութեան: Արդեօք Գարեգին Բ. քաջութիւնը ունեցա՞ւ Հայց. Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդի պատիւը
պաշտպանելու համար իր բողոքի ձայնը բարձրացնելու, նամանաւանդ որ տարի մը առաջ, 2015 թուականին,
ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով՝ Մայր Աթոռի մէջ սրբացուցինք մեր նահատակները:
Ի վերջոյ մեր ազնիւ ժողովուրդը ե՞րբ տեսած է իր կաթողիկոսը իր կողքին՝ երբ կը հեւար տնտեսական աննկարագրելի
դժուարութիւններու տակ: Ո՞ւր էր Ամենայն հայոց հայրապետը երբ ժողովուրդը Երեւանի կեդրոնական հրապարակին
վրայ կը խոշտանգուէր ոստիկանութեան կողմէ: Եւ տակաւին կարելի է երկարել շարքը…:
Ժողովուրդը, հակառակ իր ընկերային եւ տնտեսական տագնապներուն, մօտէն կը հետեւի իր եկեղեցւոյ եւ
եկեղեցականներու ներքին կեանքին, որովհետեւ այդ բծախնդրութիւնը իր մէջ մշակուած է դարերու ընթացքին:
Դժբախտաբար՝ վերջին հարիւրամեակին չգտնուեցաւ հոգեւոր հեղինակութիւն մը ( Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ,
Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով եւ կամ Եպիսկոպոսական Ժողով) որ քաջութիւնը ունենար կարգի
հրաւիրելու բոլոր մոլորեալները, մեծէն մինչեւ փոքրը:
Իսկ ի՞նչ ըսել բոլոր ա՛յն միասեռական եկեղեցական-ներուն մասին, արուամոլ թէ իգացեալ, որոնք ողողած եւ
ապականած են Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտը նամանաւանդ Մայր Աթոռէն ներս: Պէտք կա՞յ
արդեօք կրկին հրատարակելու մամլոյ մէջ մեր տեսած եւ կարդացած յօդուածները, որոնք ո՚չ մէկ ձեւով պատիւ կը
բերեն Հայց. Եկեղեցւոյ եւ անոր սպասաւորներուն:
Ահաւասիկ ախտաբոյր իրականութիւնը որ կը տիրէ այսօր Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան աթոռանիստ Ս. Էջմիածնի
վանքին մէջ: որովհետեւ Մայր Աթոռը դարձած է ապականութեան բոյն եւ ո՛չ ոք կը համարձակի ձայն բարձրացնել,
վախնալով դահիճին յիշաչար, քինախնդիր վրէժխնդրութենէն: Ահաւասիկ այս բոլորը իմանալով եւ կամ ինքզինք

անգիտակ ներկայացնելով, Հայկ Այվազեան կը փորձէ տիրող փտութեան մեղքը բարդել Հայց. Եկեղեցւոյ ապագայով
մտահոգ ժողովրդային «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» շարժման հետեւորդներուն վրայ, որոնք իրենց
քրիստոնէական բծախնդրութենէն ելլելով կ՚ուզեն տեսնել Մայր Աթոռը մաքրուած բոլոր օձերէն եւ կարիճներէն, որոնք
կը խեղաթիւրեն Հայց. Եկեղեցւոյ բիւրեղեայ պատկերը:
«Եկեղեցիիդ կամարներուն տակ հեծեծող քրիստոնեայ ժողովուրդիդ դէմ յանդիման, ես՝ Աստուածաշունչ մեծ
Մատեանիդ օտարալեզու ընթերցող եւ անհարազատ թարգմանիչ, ՕԳՆԷ՚ ՄԵԶԻ, անծի՜ր Աստուած… » (Սիամանթօ)
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
22 Նոյեմբեր, 2018

admin

Recent Posts

  • ALL
  • ARMENIA

«Ես գործ չունեմ լեռներում գտնվող վանքերի և եկեղեցիների հետ». Կաթողիկոսի սենսացիոն հայտարարությունը Սանահինի խայտառակ վիճակի վերաբերյալ. hetq.am

2018-06-26Նախօրեին «Չենք լռելու» երիտասարդական նախաձեռնությունը հրապարակեց 1996 թվականից UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգության ցանկում գրանցված X դարի Սանահինի վանական համալիրի ներկայիս վիճակի…

5 years ago
  • ALL
  • ARMENIA

Աշխարհի վերջն եկել է. «գիժ» Գրիգորի տղան էլ կաթողիկոս դարձավ

10 Հուլիս 2013 / blog.mediamall.amԱՇԽԱՐՀԻ ՎԵՐՋՆ ԵԿԵԼ Է, «ԳԻԺ» ԳՐԻԳՈՐԻ ՏՂԱՆ ԷԼ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԴԱՐՁԱՎ «Գարեգին Բ-ն Նորվան սրբազանի հետ վիճել…

5 years ago
  • ALL
  • ARMENIA

ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՍԿԱՆԴԱԼԸ

hraparak.am / Արմինե Օհանյան / 26 Ապրիլ 2019 Ժամանակին երբ գրեցինք Գարեգին Բ-ի աղջկա՝ Խաթուն Կտրիճովնայի մասին, մեզ քարկոծում էին՝…

5 years ago
  • ALL
  • CANADA

ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ՉԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ

Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանը Գանատահայոց Թեմի Վերընտրուած Առաջնորդ 25 Մայիս 2019-ին, Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցած…

5 years ago
  • ALL
  • USA

Արդեոք Հոգեւորականները պատանդ բռնուած են պաշտպանելու համար չափազանց նեխուած Արք. Յովնան Տէրտէրեանին

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆԳործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւUSA Armenian Lifeի Արեւմտեան թեմի բազմաթիւ ծխական անդամներ եւ կողմնակիցներ աւելի գիտակից դարձած են…

5 years ago
  • ALL
  • USA

Making a mockery of bylaws of Armenian Church and manipulating elections: We should not be sweeping the dirt under the rug

BY Jerry AznavourianJUST IN FROM CANADA part IIMay 29, 2019 I do not feel good about exposing dirt. But I…

5 years ago