"

«Գարեգին Բ-ն զինք խաղցուց «եպիսկոպոս պիտի օծեմ քեզ» ըսելով եւ վրան խնդաց»

Posted on February. 13. 2019

Դիկտատորը, որը եկեղեցւոյ բոլոր կարգ եւ կանոնները ոտնահարեր է, եւ իր պաշտօնավարութեան առաջին օրէն իսկ իր իրա-ւասութիւնները ամէն կերպով չարաշահեր է ու իր պաշտօնի ուժով մարդկանց եկեղեցիէն բռնի ուժով արգիլեր եւ վռնտած է:

Այս մարդը իր պաշտօնը կ՛օգտագործէ ժողովուրդին դէմ, եւ անգութ եւ անխիղճ ձեւով կը վերաբերուի անոնց հետ որոնք, ըստ իրենց խօսքի ազատութեան իրաւունքին եւ խիղճի ձայնին համաձայն, իր եւ իր մեծ պօսին? Գարեգին Բ պօռնկացող չկաթողիկոսին արարքներուն «Ո՛չ» կ՛ըսէն:

Պարո՛ն Իսախանեան, Դուք չուզեցիք հայր ըլլալ, կուզեմ ձեզի անգամ մը եւս յիշեցնել թէ Գերմանիոյ Հայ հաւատացեալները եկեղեցին չեն ֆինանսաւորեր որպէսզի գայ մէկը Ձեզի եւ Ձեր չկաթողիկոս պոսին նման եկեղեցին եւ իր ունեցուածքները իր սեփականութիւնը կամ իր հօր ժառանգը համարէ եւ անիկայ օգտագործէք Ձեր չար կամքին եւ անձնական զբօսաշրջութիւններու եւ հաճոյքներու համար, այս բոլորը մենք չենք հանդուրժեր:

Ամօ՛թ Ձեզ, Դուք այժմ լոկ մի տխրահռչակ ողորմելի սեւազգեստ դիկտատոր մըն էք:

Քրիստափոր սարկաւագ Ֆրունճեան

Գերմանիա

***

Սերովբէ Իսախանեանը գարեգինապաշտ աղանդաւոր է, ամօ՛թ իրեն: Գարեգին Բ-ն զինք խաղցուց «եպիսկոպոս պիտի օծեմ քեզ» ըսելով եւ վրան խնդաց: Հիմա որ Մայր տաճարն ալ գոց է, Իսախանեանին եպիսկոպոսանալու հաւէսը փորը մնաց: Ասոնց նմաններուն առաջնորդ ըսելն իսկ ամօթ է: Ասոնք սքեմաւոր ոչնչութիւններ են պարզապէս:

Գէորգ Եազըճեան

Երեւան, Հայաստան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *