"

Արդեոք Հոգեւորականները պատանդ բռնուած են պաշտպանելու համար չափազանց նեխուած Արք. Յովնան Տէրտէրեանին

Posted on June. 2. 2019

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ 
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Արեւմտեան թեմի բազմաթիւ ծխական անդամներ եւ կողմնակիցներ աւելի գիտակից դարձած են այն մասին, որ կոռումպացուած հոգեւոր առաջնորդ Արք. Յովնան Տէրտէրեան իր հոգեւոր հեղինակութիւնն ու կարգավիճակը կը չարաշահէ հոգեւորականներուն զանոնք պատանդ բռնելով: Ան կը մեղադրուի անոնց որպէս մարդկային վահան օգտագործելու համար, ցոյց տալ փորձելով, որ ան «ժողովրդական է» եւ անոնց կողմէ արժանի է «աջակցութեան»:
Այս նոր մարտավարութիւնը յայտնուած է վերջին մի քանի ամիսներու ընթացքին հետսհետէ լայնատարած դարձող քննադատութեան եւ սանցարձակ ապաժողովրդականութեան ֆոնի վրայ:
Համայնքի լայն շրջանակներու անդամներ մտահոգուած են հոգեւորական անդամներու կողմէ պահպանուած կամ հարկադրուած կասկածելի լռութեան համար եւ շատերը հարց կուտան. «Այդ հոգեւորականները կը լռեն սունկի նման աճող կոռուպցիայի դեմ, վախնալով, որ կը կորսնցնեն իրենց անձնական ֆինանսական շահերը: Կամ արդեոք անոնք ալ Տէրտէրեանին նման են»:
Այդ ի՞նչպիսի հոգեւոր եւ բարոյական քարոզիչներ են անոնք, երբ անոնք կþանտեսեն Արեւմտեան Թեմի մասսայական կոռուպցիան: Կամ արդեոք անոնք նոյնպէս նեխուածութեան մէջ են, ինչպէս Արք. Տէրտէրեան, Հոլիվուդի Սուրբ Հովհաննու Կարապետ եկեղեցիի հովիւ Մանուկ քհն. Մարգարյան, եւ անոր որդին‘ Յարութ Մարգարյան, որ թեմի գործադիր քարտուղարն է:
Ի՜նչ խիղճով է, որ այդ հոգեւորականները Սբ. Պատարագ կը մատուցեն եւ իրենց քարոզները կը ներկայացնեն հայ ժողո-վուրդին, երբ իրենց քիթին տակ, անոնք ականատես կþըլլան նեխուածութեան տարածման, ստի, գողութեան, փաստա-թուղթերու կեղծման, գողութեանեւ Աս-տուծոյ բոլոր պատուիրաններու կոտրման իրենց մեծաւոր Արք. Յովնան Տէրտէրեանի եւ իր զինակիցներու կողմէ։
Արդեոք այդ քահանաները մի թեմի կրօնական խորհրդի մա՞ս կը կազմեն, որ կարգադրեց բարոյապէս եւ հոգեւոր կերպով առողջ քահանաներու փիլոնազրկումը եւ / կամ պաշտօնազրկումը: Եթէ անոնք Տէրտէրեանի կլանին մասը չեն կազմեր, անոնք կրնա՞ն քաջութիւն ունենալ, առաջ գալ եւ իրականացնել իրենց բարոյական եւ հոգեւոր պարտականութիւնը, խօսելով եւ բացայայտ քննադատելով Արք. Տէրտէրեանի կողմէ կատարուած սխալները։
Համայնքի բազմաթիւ անդամներ հարց կուտան. «Արդեոք անոնք ունի՞ն բաւարար ինքնայարգանք եւ քաջութիւն, որպէսզի կարողանան այդ ընել: Արդեոք անոնք պիտի ճեղքե՞ն լռության պատը եւ դադրի՞ն շփոթուելէ որպէս Արք. Տէրտէրեանի դաշնակիցներ»: Որքան շատ անոնք խօսելու մէջ կը զլանան, այնքան աւելի մեղսակից կը դառնան: «Լուռ մնալը նման է դանդաղ աճող հոգիի քաղցկեղի եւ այդ ճշմարիտ վախկոտի նկարագրի գիծ է: Ոչ մէկ խելացի բան կայ անձիդ կամ ճշմարտութեան համար դիրք չբռնելուդ մէջ»:
Վերջերս, Արք. Տէրտէրեան եւ Մարգարյան քհն. սկսեցան յայտնուիլ տարբեր հայկական հեռուստաալիքներով եւ հեռուստայայտագիրերով, որպէսզի հակազդեն ամերիկահայ համայնքէն ներս լայնամասշտաբ քննադատութեան ալիքներուն: Անոնց ելոյթները այնպէս մը ծրագրուած են որպէսզի դրական տպաւորութիւն ստեղծեն իրենց մասին այն ժամանակ, երբ համայնքի խոշոր հատուածներ արդեն տեղեակ են արդեն իրենց բազմաթիւ նեխուած գործողութիւններու մասին եւ որոնց կարգին՝ սուտը, գողութիւնը, փաստաթուղթերու կեղծումը եւ այլն: Արդեոք թեմի հոգեւորականները հանգիստ կը զգա՞ն Տէրտէրեանի եւ Մարգարյանի կողմէ Արեւմտեան թեմի ներկայացման գաղափարին հետ: Տէրտէրեան եւ Մարգարյան զոհգով արդեոք անոնք յարմար կը զգան իրենց անձնական համբաւը կապելու Տէրտէրեան եւ Մարգարյան զոհգին ճակատագրին :
Մօտ մէկ տարի առաջ այդ հոգեւորականները կրնային արդարացնել իրենց լռութիւնը‘ ըսելով, որ, տեղեակ չեն սխալներու մասին»: Բայց հիմա, Տէրտէրեանի կողմէ զանգուածային նեխուածութեան վերաբերող լայն տեղեկութիւն եւ ապացոյցներ կան, եւ անոնք այլեւս չեն կրնար պնդել, թէ «չեն գիտեր» նեխուածութեան մասին: Եթէ այդ հոգեւորականները շարունակեն պնդել, որ դեռ եւս տեղեակ չեն նեխուածութեան բազմաթիւ փաստերու մասին, անհանգիստ թող չըլլան, «ԱՄՆ Հայ Կեանք»ը կը շարունակէ իր լրագրական առաքելութիւնը իրականացնել բազմաթիւ նոր ապացոյցներու հրապարակումներ‘ սկսած Տէրտէրեանի Արեւմտեան թեմ ժամանման առաջին օրերէն։
Հետեւեցէք յառաջիկայ թիւերուն։

Image may contain: 1 person, text

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *