"

Ինքն իր մէջ մաշած եւ արդէն փշրուող աւազաքարին օժանդակ սպասարկուները եւ խաբէութեան յօժարակամ վկաները

Posted on February. 14. 2019

ԳՐԵՑ՝ Տ. Աբէլ Մանուկեան

Եպիսկոպոսութեան մեծ տարազ մը հագցուած է աթոռներուն մէջ կուչ եկած վտիտ մարմիններուն։ Անկենդանութիւն մը կ’ուրուագծէ իրենց հայեացքը, որ խորունկ սարսափով մը ճնշուած է։ Վախը, որ նստած է իրենց ներսիդին եւ որուն ուրուականը սրտի իւրաքանչիւր տրոփին ու շնչառութեան ամէն մի ներշնչումին ու արտաշնչումին հետ իրենց շուրջ կը շրջի, ընդարմացուցած է զիրենք ամբողջապէս։ Հրապոյրի անգոյութենէ դալկացած անոնց դէմքերուն վրայ զգալի դրոշմ ձգած է լուրջ մտահոգութիւն մը, որ համընդհանուր է։ Խուճապի մատուած է իրենց միտքը՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ։

Վախը անուն մը ունի հոս՝ «տոմինոյի ազդեցութիւն»։ Երբ տոմինոյի առաջին քարը իյնայ, անոր կը յաջորդեն այդ համակարգին մէջ շարուած բոլոր քարերը՝ տապալելով մին միւսին ետեւէն մինչեւ վերջինը։

Այս տխուր իրավիճակը բարեփոխելու նախաձեռնութիւնը ունենալու, բառին իսկական առումով՝ ապաշխարհելու, այսինքն՝ եղած սխալէն ետ դառնալու, անկէ հրաժարելով՝ լուսաւոր արեւելումի նոր սկիզբ մը երկնելու, եւ ատով իսկ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան այնքա՜ն ցանկալի աշխատանքին ձեռնարկելու փոխարէն, անոնք վատասիրտ հաւկուրութեամբ տրամադրուած են իրենց պաշտօնին եւ կոչումին ընձեռած հեղինակութեան ամբողջ բացասականութիւնը ներդնելով՝ անկումէ պահել տոմինոյի շարուածքին մէջ գտնուող առաջին քարը։ 

Առիթներ շատ ունեցան այս ուղղութեամբ առնելու համար դրական քայլ մը, եւ դեռ բարեբաստիկ պատեհութիւններ չեն պակսիր, եթէ երբեք գիտակցէին իրենց վեհ կոչումին ու հաւատային իրենց տիրաւանդ առաքելութեան։ Նոյնիսկ աւելին՝ եպիսկոպոսութեան կոչումին էութիւնը եւ հիմնական առանցքը եկեղեցւոյ ճշմարտութեան մասին վկայելն է եւ անոր վստահուած հօտը դէպի ճշմարտութիւն առաջնորդելը։ Ընդհակառակը, տոմինոյի առաջին քարի անկման դէմ անզիջող պայքար մը մղելով՝ անոնք դարձած են անոր, ընդամէնը այդ մէկ հատիկ ինքն իր մէջ մաշած եւ արդէն փշրուող աւազաքարին օժանդակ սպասարկուները եւ խաբէութեան յօժարակամ  վկաները։

էս եպիսկոպոսները մտածում են երբ վերջ են տալու միապետի իշխանութեան

Բժշկական մարզէն ներս, կայ մի մասնագիտութիւն, որ կարող է կարդալ մարդկանց դէմքի արտայայտութիւնը։ Էս նկարների մեկնաբանութիւնը թողնելով մասնագետներին, իմ համեստ կարծիքով ասեմ, որ էս եպիսկոպոսները մտածում են երբ վերջ են տալու միապետի իշխանութեան։ Ձեր Կարծիքը։ Ու տարածել։

Անթօ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *