"

Կաթողիկոսի դժուար օրերը

Posted on February. 14. 2019

04.07.2018
Հայաստանի մէջ ապրիլեան յեղափոխութենէ անմիջապէս ետք նախկին դիրքերու դէմ ուղղուած բողոքի առաջին կարգի նշաւակները դարձան Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.։ Ժողովուրդը այս երկու կերպարներուն մէջ կը տեսներ նախկին իշխանութիւններու անբարոյ շուքը։ Արդարեւ կաթողիկոսի դէմ ուղղուած բողոքներու գլխաւոր կարգախօսը դարձած էր. «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» լոզունգը։
Ուշագրաւ երեւոյթ էր, թէ բողոքի այս ցոյցերուն կը մասնակցէին նաեւ կարգ մը հոգեւորականներ։
Գարեգին Բ. կաթողիկոս ընտրուած էր նորանկախ հանրապետութեան ամենատխուր անցուդարձերուն կատարուած պահուն։ Այդ նոյն օրն էր, որ յանցագործերու խմբակ մը խուժած էր Ազգային ժողովի դահլիճը եւ հրաձգութեամբ սպաննած ութը պատգամաւորներ։ Յատկապէս անոնցմէ երկուքը՝ Կարէն Տեմիրճեան եւ Վազգէն Սարգսեան մեծ յոյս կը խոստանային երկրի ծաղկման հեռանկարին համար եւ կը վայելէին մայրենի երկրի ժողովուրդի համակրանքը։ Այդ դժուար օրերուն կատարուած ընտրութեան մէջ շրջանառութեան դրուեցան կարգ մը անիմաստ համոզումներ։ Նկատի ունենալով Վազգէն Ա. հայրապետի Ռումինիայէն, Գարեգին Բ. հայրապետին Լիբանանէն այս աթոռին ընտրուած ըլլալը, նոր պահանջ մը ձեւաւորուեցաւ. «Այլեւս ունենանք հայաստանցի կաթողիկոս» սահմանումով։
Դժբախտաբար կաթողիկոսի ընտրուած օրէն իսկ սկսան իր դէմ բամբասանքներ, որոնք շարունակուեցան նաեւ իր գահակալութեան ամբողջ շրջանին եւս։ Եկեղեցական եւ հոգեւոր պատշաճութիւնները որոշ զսպուածութիւն կը թելադրեն, սակայն այդ պայմաններու մէջ իսկ կաթողիկոսը յստակ ճակատում մը ապրեցաւ Պոլսոյ Մեսրոպ Բ. եւ Երուսաղէմի Նուրհան պատրիարքներուն հետ։ Նոյնիսկ նման հակադրութիւններ ծաւալեցան դէպի սփիւռքի կարգ մը եկեղեցիներուն։
Ափսոս որ կաթողիկոսը անցնող տարիներու ընթացքին չյաջողեցաւ իր դէմ ծաւալող դժգոհութիւնը փարատելու ծառայող հեղինակութիւն մը դրսեւորել։ Ընդհակառակ իշխանութիւններու հետ իր ունեցած յարաբերութիւնը ալ աւելի վիրաւորեց իր վարկը եւ այսօր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ համար գոյացաւ ճգնաժամի պատկեր։
Կաթողիկոսի դէմ բողոքի ցոյցերը ստացան յարատեւ բնոյթ, իրենց կեդրոն ունենալով Երեւան, Սուրբ Աննայի եկեղեցւոյ շրջափակը։
Ցուցարարները նախորդ շաբաթ օր որոշեցին իրենց ցոյցը փոխադրել Էջմիածին։ Այս զարգացումը կանխելու համար Գարեգին Բ. կաթողիկոս ուղերձ մը հրապարակեց Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստակայանէն եւ թէ իր համակիրները եւ թէ բողոքողները հրաւիրելով եկեղեցւոյ անսասանութեան համար աղօթելու։ Որոշ է, որ այդ կոչը չէ գտած ակնկալուած արդիւնքը եւ բողոքի ցոյցը կայացած է։ Ցոյցի ընթացքին Սուրբ Գայիանէ եկեղեցւոյ հովիւ հայր Կորիւն Առաքելեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան քննիչներուն կոչ ըրաւ Էջմիածնի հաշիւները քննելու ուղղութեամբ։ Հայր Կորիւն նաեւ յայտարարեց, թէ արտակարգ նիստի մը որոշում կայացնելով կրնան դադրիլ բողոքի ցոյցերը։
Միւս կողմէ նոյն շաբաթավերջին Երեւանի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին մասնակցող Գարեգին Բ. կաթողիկոսին զօրակցութեան համար եկեղեցի եկած էին համակիրներու խումբ մը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *