Posted on March. 17. 2019
Մարդկութեան, այդ թիւին՝ մեր ազգին մէջ անպակաս եղած են զրպարտիչներն ու բանսար-կուները: Մեր օրերուն անոնցմէ է ինքն իրեն մտաւորական ներկայացնող Էտմոն Կոտալազ-եանը, որ աւելի յայտնի է իբրեւ Երուանդ Ազատեան: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պառակտման գլխաւոր դերա-կատար այս արարածը կուսակ-ցութիւնը քանի մը կտորի բաժնելէ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելոսի Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը ծախելէ եւ գումարը գրպանելէ ետք, հաւատարիմ իր խառնակիչ էութեան, վերջին շաբաթներուն պառակտած է նաեւ ՌԱԿ-ի պառակտուած իր թեւն ալ՝ լուրջ խնդիրներ ունենալով ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդ կոչուող մարմինի նախագահ Վարդան Նազիրեանի հետ:
Հերիք չէին Կոտալազեանի յիշեալ ստոր արարքները, վերջին ամիսներուն ան ոգի ի բռին կը ծառայէ Հայ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռի քանդումը շարունակող Գարեգին Բ կոչուած արարածի գձուձ շահերուն: Կոտալազեանական հերթական զրպարտագիրը հրատարակուեցաւ իր պատասխանատու խմբագրութեամբ լոյս տեսնող «Պայքար» շաբաթաթերթի 10 մարտ 2019-ի թիւին մէջ (էջ 6) ՝ «Կարգազուրկ նախկին եկեղեցականը դարձեալ գործի վրայ» գրգռիչ վերնագիրին տակ՝ Պ. ստորագրութեամբ (ի դէպ, այս ստորագրութեամբ երբեմն հանդէս կու գայ նաեւ թերթի խմբագրական կազմի անդամ Պայծիկ Գալայճեանը, թէեւ հրապարակման ոճը դոյզն կասկած իսկ չի թողուր, որ ան Կոտալազեանին կը պատկանի. փաստօրէն, Կոտալազեանը կը փորձէ իր խառնակչութեանը նենգութեամբ ընդգրկել բանէ բամպակէ անտեղեակ Պայծիկ Գալայճեանը):
Ամբողջ հրապարակումը հեղինակուած է հեգնական ու լկտի ոճով՝ հիմնուած սուտերու եւ ճշմարտանման կեղծիքներու ձեռնածումներու վրայ: Մէկ առ մէկ պարզենք այդ խաբեբայութիւններն ու սուտերը.