"

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ

Posted on April. 7. 2019

Կարծէք անհրաժեշտ է անգամ եւս արթնցնել եւ յիշեցնել իր եկեղեցիի ապագայով տագնապող մեր ազնիւ ժողովուրդին, թէ «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ» ըսուածը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ իր արժանապատուութիւնը կորսնցուցած եւ ստրկացած եկեղեցականներու խորհրդակցական խմբակ մը, որ ո՛չ մէկ կանոնական իրաւասութիւն ունի իր խորհրդակցական հանգամանքէն անդին որեւէ որոշում առնելու, որովհետեւ այս ստրկամոլներու խմբակը նշանակուած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն, եւ ո՛չ թէ ընտրուած ու վաւերացուած Ազգային Եկեղեցական Ժողովին կողմէ: Հետեւաբար անոնց բոլոր «որոշումներն» ալ սահմանուած են մնալու միայն խորհրդակցական բնոյթ կրող թելադրանք-յանձնարարութիւններ, եւ ո՛չ աւելին:
Բոլորս ալ գիտենք, թէ Գէորգ Զ. կաթողիկոսի օրով, 19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցաւ Ազգային Եկեղեցական ժողով, ուր որդեգրուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ «Ազգային Եկեղեցական Գումարելու Յատուկ Կանոնագրութիւն»: Ահաւասիկ այս ժողովէն ետք պատրաստուած են զանազան Սահմանադրութեան Նախագիծեր: Դժբախտաբար անոնցմէ ո՛չ մէկը արժանացած է վաւերացումի եւ պաշտօնական գործածութեան դրուած մինչեւ այսօր: Հաւանաբար ընթերցողը կռահեց թէ ինչո՞ւ էր Եկեղեցական Ներկայացուցչական Ժողով գումարելու այս աճապարանքը:
19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցած Ազգային Եկեղեցական ժողովի կանոնագրութեան մէջ կը նշուին նո՛յն Ազգային Եկեղեցական Ժողովի իրաւասութիւնները.-
ա.- Ընտրութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի:
բ.- ԸՆտրութիւն Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի եւ վերստուգիչ յանձնաժողովին:
Շատ հետաքրքրական է նշել այստեղ, որ յաջորդաբար պատրաստուեցան զանազան կանոնագրութիւններ՝ 1958-ին, 1987-ին, 1988-ին, 1991-ին եւ 1995-ին – այս վերջինը՝ Վաչէ եւ Արիս Սրբազաններու խմբագրութեամբ: Արդ, կարճ ի կարճոյ վերստին շեշտենք, թէ 1945-էն ի վեր այս նախագիծերէն եւ ո՛չ մէկը վաւերացուած ու հաստատուած է առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար կրնանք եզրակացնել որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կատարած անհատական, ապօրէն փոփոխութիւնները ուրիշ բան չե՛ն եթէ ոչ՝ կամակատարութեան դրսեւորում եւ կանոնական օրէնքներու կոպիտ խախտում:
Շատ յստակ է որ այս օրերուն գումարուող Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովները ուրիշ նպատակ չունին բացի անկէ՝ որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր արբանեակներուն ու կամակատար առաջնորդներուն ձեռքով (եւ ո՛չ թէ ժողովրդային ընտրութեամբ) որոշուած աշխարհական «ներկայացուցիչներով» պիտի փորձէ հաստատել եւ վաւերացնել բոլոր այն կանոնական խախտումները որոնք կատարուեցան մինչեւ այսօր, մասնաւորաբար իր «ընտրութենէն» ետք:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼՈՍ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *