"

Քրէագործ Գարեգին Բ-ի Կցորդներ՝ ՌԱԿի «պաշտպան փաստաբան» Յակոբ Աւետիքեանի ուշադրութեան

Posted on April. 7. 2019


Գրեց՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ 
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Ըստ ՌԱԿի «պաշտպան փաստաբան» Յակոբ Աւետիքեանի, աշխարհի մէջ տարածուած ռամկավարամիտ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ եկեղեցականները, ներառեալ իր չարքեպիսկոպոս եղբայրը՝ Փառէն, մէկական «սուրբեր» են, եթէ նոյնիսկ անոնց մէջ կը գտնուին միասեռականներ, մանկապիղծներ, տնաքանդներ։ Ռամկավարներուն համար, ինչպէս թրքերէն պիտի ըսէին. «Ռամկավար թող ըլլայ, ցեխէն թսղ ըլլայ»։ Ու ես պիտի աւելցնէի. – Ռամկավար թող ըլլալ, հոգ չէ թէ անբարտաւան, անբարոյական, ուխտադրուժ, ապիկար եւ մասամբք նորին ըլլայ։ Ծօ անպատկառ, դուն եւ քու «կուսացութեանդ» թափթփուկները երբ պիտի դադրիք քարկոծելէ Սիսի դարաւոր Աթոռը։ Մեծի Տանն Կիլիիոյ Կաթողիկոսութիւնը, անոր արժանաւոր գահակալները ձեր գլխուն թագը եղած են։ Կ՛ուզէք ձեզ նման ապուշներուն յիշեցնեմ Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետի այն խօսքը, թէ.- «Եթէ յիսունական թուականներուն Հայաստան անկախ ըլլար, ես կաթողիկոս կ’օծէի իմ հոգեւոր եղբօր՝ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին»։ Այս այն կաթողիկոսի խօսքերն են, որուն դուք խաբեցիք ձեր կեղծ հայրենասիրութեամբ ու եկեղեցասիրութեամբ։ Ու այս օրերուն, ձեր փեշէրով կը ծածկէք երեսուն արծաթով հայրապետական գահը զաւթող անարժանի մը կամակայութիւնները։ Պիտի փափաքէի, որ գէթ անգամի մը համար ձեր մամուլին մէջ հերքէիք, ձեր «սիրելի” ծայրապետի կին ու զաւակ ունենալու փաստը։ Եթէ ձեր մամուլը քաջութիւնը չունեցաւ հերքելու, հապա ի՞նչ ըսենք Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգի պատասխանատու՝ Տ. Վահրամ քհնյ.ին։ Ինչո՞ւ չի հերքեցիք Մայր Աթոռի հովանիին տակ գործող երեսուն եւ երեք միասեռական հոգեւորականներու «տարաձայնութիւն»ները։ Որովհետեւ, անկարող էք։ Ասոնք անհերքելի իրականութիւններ են որոնց հետ վաղուց հաշտուած էք։ «Զո՞րն ասեմ, կամ զո՞րն խոստովանիմ»։ Դուք՛, ռամկավարներդ վարակուած էք անբուժելի ախտով մը, որ միայն Աստուած կրնայ բուժել, եթէ իսկապէս կը հաւատաք ամենակարող Աստուծոյ։ «Եղիվարդ»ի (Լուսահոգի Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեան) ձեզի ուղղուած խօսքերով, գրիչը ուրիշ նպատակի համար օգտագործեցէք, հաւանաբար աւելի հաճոյք կը ստանաք։ Անամօթներ։
Թքնելով ձեր հայրենասիրութեան վրայ, մնամ, ԱՆԹՕ

Արդեոք Ովքե՞ր են
Նորօրեայ Իսկական
«Ընկեր Փանջունի»ները

Իսկ ինչ կը վերաբերի ապազգային «Ազգ»ի խմբագիր՝ Յակոբ Աւետիքեաններու նկարագրած «ընկեր Փանջունի»ներու մասին գրած յօդուածին, ապա կարելի է ըսել՝ կարծես թէ այդ յօդուածը աւելի կը նմանի ինքնանկարագրականի՝ յանձինս Աւետիքեաններու եւ զինք հովանաւորող ՌԱԿ ղեկավարներու, որոնք անամօթաբար Լոս Անճելոսի Արշակ Տիգրանեան վարժարանը վաճառեցին մօտ մէկ միլիոն տոլարի commission-ը գրպանելու սիրոյն։

Commission տոլարներու սիրոյն՝ սփիւռքեան հայապահպանման միջնաբերդ մը քանդեցին։ Հիմա նպատակավիժ այդ աւելի քան տասը միլիոն ԱՄՆ տոլարի գումարները կը մսխեն հոս-հոն ծախսելով՝ առանց ծառայեցնելու իրենց իսկական նպատակին։

Եւ հիմա, անամօթաբար, Գեւորգ Եազըճեանի նման պատուաբեր հայու վրայ ցեխարձակում կ՚ընեն։ Անհեթեթ եւ միաժամանակ ծիծաղելի։

Մինչ այդ՝ ամբողջ լոսանճելոսահայութիւնը հիասթափ ականատես կ՚ըլլայ ազգաքանդ մեղսակցութեան մը ձեռամբ ապազգային տարրերու՝ յանձինս Էտմոն Ազատեաններու, Ճօրճ Մանտոսեաններու, Յակոբ Վարդիվառեաններու, Արզումանեաններու, Բանիկ Փանոսեաններու եւ այլոց։

Աբօ Չափարեան
Լոս Անճելոս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *