"

ԳԵՐՇ. Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ԵՊՍ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ «ԲԱՐԵՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»

Posted on April. 27. 2019

Յովնան Տէրտէրեան։ Իր ձեռնադրութենէն կարճ ժամանակ մը ետք, Երջան-կայիշատակ Վազգէն Ա. Վեհափառի տնօրինու-թեամբ, կը ղրկուի Լոնտոն, Անգլիա իր ուսումը շա-րունակելու։
Այդ օրերուն Անգլիոյ Թեմի Առաջնորդն էր, լուսահոգի Տ. Ներսէս Եպս. Պոզապալեան։ Նորափթիթ վեղարաւորը, դժգոհ օրուայ առաջնորդի գործունէու-թենէն, 1981 ամռան Ս. Էջ-միածին գտնուած օրերուն, կը ներկայանայ Վեհափառին, այն յոյսով, որ Վեհը կը լսէ զինք, տուն կը կանչէ առաջնորդը ու զինք կը նշանակէ թեմի առաջնորդ։ Ըստ երեւոյթին, չի կարողանալով համոզել Վեհին, բարկացած դուրս կու գայ վեհարանէն, ու, …։
Աւելի ուշ, Ներսէս Սրբազան կը վերադառնայ Մայր Աթոռ ու կը ստանձնէ Դիւանապետի պաշտօնը։
Իր յաջորդ զոհը կը դառնայ Գանատայի Էջմիածնական թեմի առաջնորդ՝ լուսահոգի Վազգէն Սրբազանը, որ իր առաջնորդութեան օրերուն միակ զբաղումն էր, ըստ Յովնանի, նարտի խաղալ։ Այդ օրերուն ինք՝ Յովնան վրդգ, Մոնթրէալ ժամանած էր հովուական պաշտօնով։ Ու օգտուելով առիթէն, կը սկսի հալածել իր իսկ մեծաւորին՝ Վազգէն Սրբազանին ու կը կը հասցնէ զայն մինչեւ գերեզման։ Վազգէն Սրբազանի վախճանումէն ետք, կը բազմի առաջնորդական գահին վրայ։ Հասած էր իր մուրազին։
Սակայն այսքանով չի բաւա-կանացուած իրեն համար նոր թիրախ կ՛ընտրէ Հիւս. Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը, ու Գարեգին Կտրիչ Ներ-սիսյանի անմիջական միջա-մտութեամբ կը “ընտրուի” առաջնորդ յիշեալ թեմին։
Աւելորդ է այստեղ յիշել, թէ ինչո՞ւ Յովնան Արքեպիսկոպոս դէմ էր Ներսէս Արքեպիսկոպոսի կաթողի-կոսութեան թեկնածութեան։
Գանատա գտնուած օրերուն այդ թեմին մէջ իր հետ ծառայեցին Մայր Աթոռի Հոգեւոր Ճեմարանի երկու դասընկերներ, որոնցմէ մին դժգոհ նորընտիր առաջնորդի վերաբերմունքէն, կարգաթող եղաւ։ Իսկ երկրորդը՝ աստուածաբան եկեղեցական, որ կուսակրօնութեան ուխտը դրժելով, իր իսկ նախկին դասընկերոջ (Յովնանի) օրհնութեամբ դարձաւ ամուսնացեալ քահանայ, ու ապա հրաժարելով Գանատայի Թեմէն շունչը առաւ Զուիցերիա։
Իսկ իր Լոս Անճելոսեան քաջագործութիւններու մասին հանրութիւնը տեղեակ է, մանաւանդ վերջին ամիսներուն, շնորհիւ տեղւոյն հայկական եւ անգլիատառ թերթին՝ “Հայ Կեանք”ին։
Լոսի մէջ, կարգ մը արժանաւոր եկեղեցականներ հեռացուց, “եօթանասուն տարիքը բոլորած ըլլալնուն պատճառաւ”, իրեն վերապահելով իրաւունքը նոյն տարիքի մէջ գտնուող այլ եկեղեցակններուն պաշտօնի վրայ պահելը։ Երկու չափ, երկու կշիռք։
Յարգանքներով՝
ԱՆԹՕ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *