"

Կեղծիք եւ խարդախութիւն՝ Արեւմտեան Թեմի Արք. Յովնան Տէրտէրեանի,Հովիւ Մարգարեանի, Գործադիր Տնօրէն՝ Յարութ Մարգարեանի կողմէ

Posted on May. 25. 2019

Մէկ արարքով, Արք. Յովնան Տէրտէրեան եւ հովիւ Մանուկ Մարգարեան, իր որդու, Յարութ Մարգարեանի հետ կատարած են բազմաթիւ կեղծիքներ, սուտ վկայութիւն տուած են, ստած եւ կեղծ փաստաթուղթեր ներկայացուցած՝ դատարանին: Ասյպէսով՝ անոնք խախտած են առնուազն երեք պատուիրաններ: 3րդ պատուիրան. «Աստուծոյ անունը պարապի բերանդ մի առներ»։ 8-րդ պատուիրան «Մի գողնար»։ 9-րդ պատուիրան. «Սուտ մի խօսիր։ Սուտ վկայութիւն մի ըներ»։
2018-ի վերջերուն, մեծ բարերարի մը դէմ արդարութեան խոչընդոտման փորձի ժամանակ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Արք. Յովնան Տէրտէրեան, Սբ. Հովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ հովիւ եւ Թեմական Խորհուրդի անդամ Մանուկ Մարգարեան եւ հովիւի որդին‘ Թեմի Գործադիր Քարտուղար Յարութ Մարգարեան, կեղծիք կատարած են: «Տէրտէրեան Եռեակ»ի անդամներ՝ հովիւ Մարգարեանը եւ իր որդին‘ Յարութ) օրինական փաստաթուղթ կեղծած են պարոն Տաղլեանի օրինական իրաւունքները ոտնահարելու համար եւ վերջիվերջոյ անորմէ խլելու միլիոնաւոր տոլարներու հսկայական գումարը:
Նոյեմբերի 21-ին Արեւմտեան Առաջնորդարանի կողմէ Պր. Տաղլեանի դէմ դատական հայց ներկայացնելէ անմիջապէս յետոյ Պր. Տաղլեանի փաստաբանը դիմած է առաջնորդարանին, որպէսզի իրեն փոխանցեն Սբ. Յովհաննու Կարապետի եւ Հովիւ Մարգարեանի կողմէ ներկայաց-ւած 2004-ի Սեպ. 28-ի եւ 2005-ի Յուն. 16-ի առաջարկ-նամակներու կրկնօրինակները:
Արեւմտեան Թեմը պնդած էր, որ իրենք պահանջուած պաշտօնական նամակներու պատճենները չունին, ըսելով, որ «անոնք կորսնցուցած են»: Պարոն Տաղլեան իր բնագիրները ունէր:
2004ի Սեպ. 28-ի փաստաթուղթին մէջ, Հովիւ Մարգարեան ներկայացուցած էր Սբ. Յովհաննու Կարապետի անունէն՝ հետեւեալ առաջարկները. «1) Մենք ձեզ վստահում ենք «Ինքնա-շարժի կայանատեղ»ի եւ «Տաղլեան Համալիր»ի շինարարական աշխատանքները: Նախագիծեր, ներառեալ ամսական $6000 վարձավճարը եւ հաւատում ենք, որ ամեն ինչ կþընէք, որպէսզի աւարտէք շինարարութիւնը: 2) Շէնքը աւարտելէ յետոյ մենք վստահ ենք, որ կը կառավարէք եւ բաւարարէք բոլոր ծախսերը, ներառեալ ապահովագրութեան եւ վարձակալութեան ծախսերը: Ոչ ոք (եկեղեցիի կողմէ) չի կրնար ֆինանսական միջամտութիւն ունենալ այս հարցին մէջ: 3) Բոլոր ծախսերու համար, որոնք կը կատարէք շինարարութեան վրայ, դուք կը ստանաք տարեկան 7% տոկոսադրույք‘ անժամկետ (առանց ժամանակի սահմանափակումներու) համալիրի եկամուտէն, մինչեւ դուք ամբողջովին ետ վերցնէք ձեր կողմէ յատկացուած գումարները»: Տեսնել փաստաթուղ թիւ 1՝ այս էջին մէջ):
Հովիւ Մարգարեան իր առաջին նամակին մէջ գրած էր, որ եկեղեցին շատ վատ ֆինանսական վիճակի մէջ էր, եւ պարոն Տաղլեանի աջակցությունը շատ կենսական էր եկեղեցւոյ գոյատեւման համար:
Երբ առաջին նամակը անպատասխան մնաց պարոն Տաղլեանի կողմէ, 2 շաբաթուայ ընթացքին Հովիւ Մարգարեան գրած է երկրորդ նամակ մը: Երկրորդ նամակը նոյնպէս մնաց անպատասխան պր. Տաղլեանի կողմէ:
2005-ի Յուն. 16-ի առաջարկ-նամակին մէջ, հովիւ Մարգարեան վերահաստատեց 2004-ի Սեպ. 28-ի նամակին մէջ նշուած առաջարկներ‘ թիւ 1-էն մինչեւ թիւ 3-ը եւ աւելացուց եւս մէկ նոր առաջարկ. «Մենք նաեւ Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքին համալիրը կը տրամադրենք տարին 4 օր‘ անվճար «Տաղլեան Համալիր»ի օգտագործման համար: (Տեսնել սոյն էջին մէջ նշուած 2-րդ փաստաթուղթը)
Հովիւ Մարգարեանի կողմէ տրամադրուած փաստաթուղթերը դատարանին մէջ չեղեալ դարձնելու համար, Արք. Տէրտէրան եւ Մարգարեանները մեղսակցած են 2018-ին կեղծ նամակ մը արտադրելու համար յետնեալ թուականով՝ 2004 Սեպ. 28, որպէսզի փոխարինեն 2004-ի Սեպ 28-ի եւ 2005-ի Յուն. 16-ի փաստաթուղթերը: Ու որպէսզի համոզիչ դարձնեն դատարանի մէջ Արք. Տէրտէրեան երկար-բարակ գործի անցած է խաբէութեամբ կեղծելով երկար ժամանակ առաջ մահացած, Ծխական Խորհուրդի Նախագահ, Տոքթ. Եղիա Տաղլեանի անունը որպէս ստորագրող կողմ: Տոքթ. Եղիա Տաղլեան հանգուցեալ աւագ եղբայրն է Պետրոս Թաղլեանի։ (Տեսնել թիւ 3 փաստաթուղթը՝ էջ 3-ի վրայ)
Պարոն Տաղլեան կը նշէ, որ մինչեւ 2018 թուական ան երբեք չէ տեսած 2004-ի Սեպ 28-ի թուականով կեղծուած նամակը: Միայն 2018-ի վերջերուն ան յայտնուեցաւ: 2004-ին իրեն յանձնուած պաշտօնական նամակը ստորագրւած էր հովիւ Մարգարեանին կողմէ: Արք. Տէրտէրեանի հնարած նամակը կþարտացոլէր այլ բովանդակութիւն, քան հովիւ Մարգարեանի նամակը:
Ինչու՞ Արք. Տէրտէրեան կեղծեց այս խեղա-դիւրուած նամակը: Տէրտէրեանի հիմնական մտադրութիւնը, ըստ երեւոյթին, հովիւ Մարգարեանի անունը դատական գործընթացէն դուրս բերելն էր ինչպէս նաեւ՝ շփոթութիւն յառաջացնել դատարանէն ներս ու խառնակութիւն ստեղծել: Դատարանի մէջ բազմաշերտ անյստակութիւն ստեղծելը, խաբէութիւնը, համակարգի աւերման գործելաձեւը, կարծես, Արք. Տէրտէրեանի մարտավարութեան անբաժանելի մասերն են եւ նաեւ մաս կը կազմեն Տէրտէրեանի խեղաթիւրման ռազմավարութեան ոչ միայն դատարանէն ներս այլ նաեւ՝ Թեմական արօրեայէն ներս:
Դատավարութեան ընթացքին, երբ պր. Տաղլեանի փաստաբանները խնդրեցին, որ Արեւմտեան Թեմը Սբ. Յովհաննու եկեղեցիին 2004-էն ասդին եղած արխիւները ներկայացնէ, Արեւմտեան Թեմը տարօրինակ կերպով պնդեց, որ անոնք չունին նման գրառում եւ «անոնք կորսնցուցած են բոլոր նամակները»:
Արք. Տէրտէրեանի նենգամիտ փորձը կրնայ ըլլալ որ հիմնավորուած էր այն ենթադրութեան վրայ, որ պր. Տաղլեան իր տրամադ-րութեան տակ չէր ունեցած Մարգարեանի նամակներու բնօրինակները: Խոշոր անակնկալ պատճառելով Արք. Տէրտէրեանին, պր. Տաղլեան իր փաստաթղթերու արխիւներուն մէջէն ճարեց նամակներուն բնօրինակները, որտեղ նշուած է հովիւ Մարգարեանի անունը‘ որպէս ստորագող կողմ եւ որպէս Հոլիվուդի Սբ. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիի Ծխական Խորհուրդի պաշտօնական ներկայացուցիչ: (Կարդացէք էջ 2-ի Սեպտ. 28, 2004-ի նամակը, որ հովիւ Մարգարեանի կողմէ ներկայացուած նախնական առաջարկն է, եւ այնուհետեւ կարդացէք էջ 3-ի 2018-ի Արք. Տէրտէրեանի կողմէ կեղծուած նամակը, որը հենուած է նոյն ամսաթիւ՝ Սեպտ. 28, 2004-ին վրայ:)
Արք. Տէրտէրեանի կողմէ կեղծուած 2018-ի նամակը ապակողմնորոշիչ կերպով ցոյց կուտայ Սեպտ. 28, 2004-ի թուականը: Սեպտ. 28, 2004-ի յետնեալ թուականի օգտագործումը նախաձեռ-նըւած է Տէրտէրեանի կողմէ, որպէսզի իր թեզը յառաջ քշել ըսելով որ հովիւ Մարգարեան լիազօրութիւն չունէր նման առաջարկ-նամակ ստորագրելու։ Այս կեղծուած նամակը նաեւ կը հետապնդէ այն միտքը, որ իբրեւ թէ՝ կեղծուած նամակը նախամեծար է հովիւ Մարգարեանի կողմէ ներկայացուած Յունուար 16, 2005-ի հետեւողական առաջարկ-նամակին։ Եւ այսպէսով կը փորձէ ստեղծել այն ընկալումը, որ Մարգարեանի փաստաթղթերը անվաւեր են:
ԿԱՐԴԱԼ`

  • Հովիւ Մարգարեանի կողմէ 2004-ի Սեպ. 28-ի առաջարկ-նամակ դիմումը, որտեղ ան կը վերահաստատէ օգնութիւն խնդրելու իրողութիւնը, ուր ան նաեւ կը կատարէ առաջարկներ եւ կը ներկայացնէ պայմաններ: Այս երկրորդ նամակն ալ մնաց անպատասխան պր. Տաղլեանի կողմէ։ (Տեսնել էջ 2-ի վրայի նամակը);
  • 2005-ի Յունուար 16-ին ներկայացուած առաջարկ-նամակ առաւել՝ բոնուսային առաջարկ, որտեղ հովիւ Մարգարեան կը վերահաստատէ առաջարկները: 2004-ի Սեպ. 28-ի նամակի թիւ 1 առաջարկէն մինչեւ թիւ 3-ը աւելցնելով «բոնուս» առաջարկ Սբ. Յովհաննու եկեղեցիի Ծխական Խորհուրդի անունէն (Կարդալ նամակը էջ 3-ի վրայ):
    Համաձայնութիւնը հաստատող յստակ ապացոյցներու առկայութ-իւնը անտեսելով, « Տէրտէրեան Եռեակ»ը դաժանաօրէն եւ համառօրէն կը հետապնդէ պր. Տաղլեանին կողոպտելու նպատակ անորմէ ապօրինի կերպով խլելով միլիոնա-ւոր տոլարներու գումար:
    Բազմաթիւ խօսակցութիւններէն մէկուն ժամանակ պր. Տաղլեան արդեն գիտէր, թէ որքան անոնք կը ստէին։ Ե-նամակով ան կիսեց Աստուծոյ պատուիրանները, Արք. Տէրտէրեանի, հովիւ Մարգարեանի եւ հովիւին որդի՝ Յարութին հետ։ 3րդ պատուիրանը կþըսէ. «Աստուծոյ անունը պարապի բերանդ մի առներ»։ 8-րդ պատվիրանը. «Մի գողնար»։ 9-րդ պատուիրանը. «Սուտ մի խօսիր։ Սուտ վկայութիւն մի ըներ»։
    9-րդ պատուիրանը խորհուրդ կուտայ. «Քու հարեւանին դէմ սուտ վկայ մի կենար: Այս պատուիրանը ունի իր արմատները ամբողջականութեան եւ ազնւութեան մէջ: Այս պատուիրանը կը կանխարգիլէ զրպարտութիւն եւ անարդարութիւն: Ինչպէս Աստուած ըսաւ Մովսէսին. «Կեղծ տեղեկութիւն պէտք չէ տարածես: Սուտը եւ անազնւութիւնը կը խեղաթիւրեն եւ կը նեխեն սիրտերը եւ անոնք մեղք են Աստուծոյ հանդեպ: Միւս կողմէ, Սատանան սուտերի հայրն է»:
    8-րդ պատուիրանը կը նշէ, որ գողութիւնը կրնայ շատ ձեւեր ունենալ. «Մի գողնար, ոչ ալ կեղծիքով գործէ, ստէ կամ կողոպտէ քու հարեւանին»:
    «Տէրտէրեան Եռեակ»ի կողմէ երկու օրուայ լռութիւնէ յետոյ պր Տաղլեանը գրեց հետեւեալ նախա-դասութիւնը խօսքը ուղելով Տէրտէրեանին. «Ամօթ քեզի»։ Տես այս էջին մէջ 1 Օգոս. 2018-ի տեքստային հաղորդագրութեան պատճենը, որ ցոյց կուտայ հասցէա-տիրոջ անունը‘ Սրբազան Տէրտէրեանի անունը: Տեքստային հաղորդագրության պատկերը նաեւ ցոյց կուտայ, որ Արք. Տէրտէրեանին ուղարկուած տեքստային հաղոր-դագրութիւնը Տէրտէրեանին բջջային հեռախօսին նշուած է, որ նոյն օրը «կարդացուած» է: Արք. Տէրտէրեան մինչեւ հիմա դեռ չէ պատասխանած: Արդեոք ան երբեւէ կը պատասխանէ՞:
    Համայնքի բազմաթիւ անդամ-ներ կը կարծեն, որ Արք. Տէրտէրեան չի շեղուիր իր գործելաոճէն, որ կրնայ լաւագոյնս խորհրդանշուիլ երեք կապիկներու կողմէ. « Մի խօսիր ոչ մէկ չարիք։ Մի լսեր ոչ մէկ չարիք։ Մի տեսներ ոչ մէկ չարիք»:

Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգման ակտիւիստներու եւ համայնքի անդամներու աճող թիւը հետսհետէ աւելի ուժեղ կերպով կը պնդէ, որ «Յովնան Տէրտէրեանի ժամանակը հասած է իր աւարտին»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *