Posted on June. 2. 2019
Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանը Գանատահայոց Թեմի Վերընտրուած Առաջնորդ
25 Մայիս 2019-ին, Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցած Թեմական Պատգամաւորական 36-րդ Ժողովի ընթացքին՝ Գերաշնորհ Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանը վերընտրուեցաւ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ:
Դիւան Առաջնորդարանի
Աչքը լոյս Քանադայի Էջմիածնական Թեմի “հաւատացեալներուն”։
Աւանդաբար, երբ եկեղեցական մը առաջնորդ կ՛ընտրուի թեմի մը, ընտրեալը (վարդապետ, եպիսկոպոս) շուրջարով, գաւազանով ու ձեռաց խաչով, եկեղեցի կ՛առաջնորդուի “Հրաշափառ” շարականի երգեցողութեան ներքեւ։
Սակայն մեր “վերընտիր” առաջնորդը, վարակուած ըլլալով իր մեծաւորէն, Գարեգին Կտրիչ Ներսիսյանէն, ԵՄԻՓՈՐՈՆով կ՛առաջնորդուի։
Այստեղ կ՛արժէ յիշեցնել “վերընտիր” առաջնորդ չեպիսկոպոսին, որ Եմիփորոնը ոչ բան մը կ՛աւելցնէ եւ կամ կը պակսեցնէ Հայ Եկեղեցւոյ իշխանաւորէն, բացի ցուցամոլութենէն։
Արդեօ՞ք դարձեալ հարկ կայ յիշեցնելու մեր օրերու փառասէր չեպիսկոպոսներուն, որ Եմիփորոնի գործածութիւնը արտօնուած է Սգ Պատարագի, ձեռնադրութեան, սրբանկարներու, խորանի, մկրտութեան աւազանի օծման առիթներով, եւ ոչ թէ թաղումներու, մկրտութիւններու եւ պսակներու առիթով, այն պարագային, երբ եպիսկոպոսը լման զգեստաւորուած չէ։
Եմիփորոնով, առանց Եմիփորոնի, Աբգար չեպիսկոպոսը կը մնայ նոյն պնակալէզը։
Վերջերս, Էջմիածնական բարձրաստիճան եկեղեցական մը բացայայտօրէն խոստովանեցաւ, որ մեր Եկեղեցւոյ մէջ կանոնները չեն պահպանուիր, այն ալ՝ դեռ վաղո՜ւց… Եւ այս կ՛ըսէր շա՜տ հանգիստ կերպով, կարծէք այս հակականոնական ընթացքը ՇԱՏ ԲՆԱԿԱՆ բան մըն է:
Ամօթ քեզի Աբգար, եւ ամօթ այն եկեղեցականին, որ ուսերուդ վրայ դրաւ Եմիփորոնը։ Ինչպէս դուն, այնպէս ալ ստորադաս եկեղեցականը, Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱՆԸ ՉԷՔ ԳԻՏԵՐ, այնպէս, ինչպէս ձեր ծայրապետը։
Յուսամ օր մը կը սորվիք։
ԱՆԹՕ